Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նախագահը Ընդունեց Էօզեըլտըզը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ Պէյրութի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն թղթածրարները:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Share this Article
CATEGORIES