Փինկ Փոնկ. Ռոք Հաքիմ Իր Կազմին Ապահովեց Յաղթանակը Եւ Տիտղոսը
Հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Միշել Մըրի անուան համալիրի փինկ փոնկի դպրոցը կազմակերպեց մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ տղոց 9 խումբերու:
Աւարտական ճակատագրական մրցումին, ՌոքՀաքիմ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆատի Քիուանը, իր կազմին ապահովեց յաղթանակը եւ բնականաբար մրցաշարքին տիտղոսը` ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
Ռոք Հաքիմ իրեն խմբակից ունէր Ժոզեֆ Շալհուպը եւ Նեզիհ Տաապուլը, իսկ Ֆատի Քիուան` Մարուան Ռասին եւ Սամիր Մըրշին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յաղթական խումբին մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի:
CATEGORIES Մարզական