Սահակաշվիլի Դարձեալ «Բռնագրաւող Ռուսերը» Մեղադրած Է Վրաստանի Տարածքները Իւրացնելու Յանցանքով
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի դարձեալ «բռնագրաւող ռուսերը» մեղադրած է վրացական տարածքները իւրացնելու յանցանքով:
Մեղադրանքներու պատճառ դարձած են Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքները, որոնք կը շարունակուին Թիֆլիսի կամքին հակառակ:
«Վերջին ամիսներուն ընթացքին բռնագրաւող ռուսերը իւրացուցած են աւելի քան 400 հեկտար հող: Այսինքն` մեզմէ խլած են այդ հսկայական տարածքը այնպէս, որ ոչ ոք չէ հասկցած», ըսած է Սահակաշվիլի:
Վրաստանի ղեկավարը աւելցուցած է, որ կորսուած տարածքներուն մէջ կարելի պիտի ըլլար, օրինակ, հաստատել խնձորի այգիներ, որոնք պիտի բաւարարէին ժողովուրդի խնձորի պահանջները:
Նախագահը գործող վրացական կառավարութիւնը բազմիցս քննադատած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ զիջողական կեցուածք դրսեւորելուն համար: «Ռուսիոյ որքան զիջիս, այնքան աւելի կը խլէ», ըսած է Սահակաշվիլի:

