Ժոմպլաթ Եւ Արսլան Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն Իրենց Ցաւակցած Իշխանութեան Պետերուն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ այցելեցին իշխանութեան պետերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Մէյ Արսլան – Ժոմպլաթի մահուան սուգին առիթով անոնց ցաւակցութեան համար:
Ժոմպլաթ եւ Արսլան այցելեցին Պաապտա, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակը եւ կառավարութիւնը կազմելու կարեւորութիւնը:
Ժոմպլաթ եւ Արսլան այցելեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
CATEGORIES Լիբանանեան


