Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեանի Յաջողութիւնը` Թիֆլիսի Մէջ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի ճատրակ խաղացող Տիգրան Պետրոսեան յաջողութիւն ձեռք ձգեց Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած Նոնա Կափրինտաշվիլիի անուան բաժակի մրցաշարքին: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 4-րդ դիրքը: Ան միայն կէս կէտով ետ մնաց Լուքա Փայշածէէն (Վրաստան), որ տիրացաւ տիտղոսին:

Մրցաշարքին մասնակցեցան 162 ճատրակ խաղացողներ:

Այլ լուրի մը մէջ, հայկական աղբիւրը կը յայտնէ, որ Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ցիւրիխի «Չելէյնճ» 2014-ի ճատրակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 29 յունուարէն 4 փետրուար 2014-ին: Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Անանտ, Կելֆանտ, Քարլսըն, Քարուանա եւ Նաքամուրա:

Շարունակելով իր լուրերու շարքը` armchess.am կը նշէ, որ 20 տարեկանէն վար ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Սամուէլ Տէր Սահակեան 4 կէտով կը գրաւէ 31-րդ դիրքը` 118 մասնակցողներուն մէջ: Առաջին դիրքին վրայ է Եանկյի Եու (5,5 կէտ):

Իսկ ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն (77 մասնակցող), Մարիա Գէորգեան 3,5 կէտով կը գրաւէ 32-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Օլիա Մետիա – Վարտա (5,5 կէտ):

Վերջապէս, ՖԻՏԷ-ի աղջկանց կրան փրիի մրցաշարքին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն Հայաստանէն Էլինա Դանիէլեան իր առաջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալեքսանտրա Քոսթենիուքի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES