ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հանդիպումը Ընկերվար Միջազգայնականի Նախագահ Ճորճ Փափանտրէուի Հետ
17 սեպտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ նախկին վարչապետ Ճորճ Փափանտրէուի հետ:
Արծարծուած հարցերն էին տնտեսական տագնապի ազդեցութիւնը աւելի լայն տարածաշրջանին վրայ, Ընկերվար միջազգայնականի շրջագիծին մէջ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ Կովկասի ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը Ընկերվար միջազգայնականի նախագահը հրաւիրեց Հայաստան. Փափանտրէուն ընդունեց հրաւէրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅԴ-ի գործօն մասնակցութեան եւ ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան շրջանային յանձնախումբի ներդրումին համար:
CATEGORIES Հայկական

