Վերամուտ. Նեփալի Մէջ Վանականներու Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վերամուտ է, եւ աշակերտները բռնած են դպրոցի ճամբան: Նեփալի մէջ ալ 5 – 12 տարեկան աշակերտներ կ՛ուղղուին դէպի իրենց յատուկ դպրոցը: Անոնք կ՛ապրին վանքի մը մէջ եւ արդէն իսկական պզտիկ վանականներ են: Անոնք իրենց օրը կ՛անցընեն` սորվելով, խաղալով, աղօթելով… Այցելենք անոնց վանքը եւ ծանօթանանք անոնց առօրեային:

Քաթմանտուի հովիտին մէջ կայ պզտիկ թագաւորութիւն մը` Նեփալ, ուր կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր լեռը, Էվերեսթը: Պոտհնաթի սրբավայրը ունի աւելի քան 50 պուտտայական վանքեր: Մեծ թիւով պզտիկ վանականներ հոն կ՛ապրին եւ կ՛ուսանին:

Լոթիւսի վանքին ցանկապատին ետեւը, 150 վանականներ կ՛ապրին միասին ամբողջ տարին. անոնցմէ մօտաւորապէս յիսունը մանուկներ են: Հինգ տարեկանէն սկսեալ պզտիկ մանչերը հոն կ՛ընդունուին երկար տարիներու ուսումի հետեւելու համար: Կան ուրիշ վանքեր, որոնք աղջիկներուն յատկացուած են:

Ժամը 5:00 – 7:00

Առտուն, շատ կանուխ, ամէնէն փոքր վանականները դասարան կ՛ուղղուին: Անոնք կը կարդան եւ վերաքաղ կ՛ընեն: Այս առտու դասարանին ամէնէն անհանդարտը ելած է տեղւոյն վրայ նեփալերէնով պզտիկ երգահանդէս մը տուած: Այս զբաղումը շատ յարմար ատենին կու գայ` պզտիկ վանականներուն մոռցնելու համար իրենց անօթութիւնը: Նախաճաշը կը հրամցուի ժամը 7:00-ին, պզտիկ կրօնական արարողութենէ մը ետք, որուն ներկայ կը գտնուին աւելի մեծերը:

Ժամը 7:00 – 8:00

Վանական դառնալու համար պէտք է վարժուիլ հագուստ հագուիլ  եւ մազերը ածիլել: Ասիկա նիւթական աշխարհէն բաժնուելու նշան մըն է պուտտայական կրօնին մէջ: Սակայն դիւրին չէ գլուխը ածիլել առանց մորթը վնասելու, ինչպէս յաճախ կը պատահի պզտիկ վանականներուն հետ: Պզտիկ վանականները վէրքերուն վրայ հանդարտեցնող յատուկ բալասան մը կը քսեն:

Ժամը 9:00

Տարման պուտտայական ուսուցումն է: Պուտտայականութիւնը կրօն մը եւ նոյն ատեն փիլիսոփայութիւն մըն է, որ ծնած է 2500 տարիներ առաջ, եւ ունի աւելի քան 400 միլիոն հաւատացեալներ: Որպէսզի վանականները այդ սուրբ գրութիւնները հասկնան, լաման` պատասխանատու վանականը անոնց կը պատմէ պուտտայականութեան հիմնադիր` Պուտտայի կեանքին մասին:

Ժամը 12:00

Գետին նստած, դասէն ետք, վանականները կ՛ուտեն եւ կը հանգստանան: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ կ՛ուտեն իրենց նեփալական աւանդական ճաշը` տալպաթը, որ բաղկացած է բրինձէ եւ բանջարեղէններէ: Անոնք իրենց մատներով, կամ, աւելի փափուկներու պարագային, դգալներով կ՛ուտեն: Հաճելի մթնոլորտ մը կը տիրէ եւ ճաշի վերջաւորութեան բոլոր պնակները պարապ են:

Ժամը 12:30

Միասնական կեանքը կ՛ենթադրէ օրուան աշխատանքներուն մասնակցիլը, բակը, դասարանները աւլել, պնակները, հագուստները լուալ եւ այլն: Այս ձեւով, ճաշէն ետք իւրաքանչիւրը իր փէշերը կը ծալէ եւ իր պնակները կը լուայ:

Ժամը 2:00, Կէսօրէ Ետք

Տարմայի կողքին փոքրիկ վանականները կը սորվին անգլերէն, նեփալերէն, թիպեթերէն եւ չինարէն, սակայն նաեւ` գիտութիւն, թուաբանութիւն եւ թիպեթեան աստղաբաշխութիւն: Անոնք ամէն օր դպրոց ունին, բացի շաբաթ օրերէն:

Ժամը 4:00- Կէսօրէ Ետք

Երբ դասերը կ՛աւարտին, պզտիկ եւ մեծ վանականներ ներկայ կը գտնուին փուճային, որ աստուածներուն ձօն մըն է: Պզտիկ մանչերը բարձրագոյն կը կարդան մանթրաները` սուրբ նախադասութիւնները, որոնք ամբողջ արարողութեան ընթացքին կը կրկնուին տաճարին մուտքին: Աւելի տարիքոտ վանականները բոժոժներ կը հնչեցնեն:

Ժամը 6:00, Կէսօրէ Ետք

Դասերը եւ արարողութիւնները աւարտած են: Պզտիկ վանականները կրնան ազատօրէն զբաղիլ. կարգ մը վանականներ գնդիկ կը խաղան, մինչ ուրիշներ տաճարին առջեւ ֆութպոլ կը խաղան: Անոնք շատ կը սիրեն ֆութպոլը:

 

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Մա՞րդը

Քարմելօ Ֆլորես Լաուրա կ՛ապրի Պոլիվիոյ մէջ: Կ՛ըսեն, թէ ան 123 տարեկան է, եւ այս ձեւով` մարդկութեան ամէնէն տարեց անձը: Սակայն ինչպէ՞ս փաստել:

Ըստ իր շուրջիններուն, Քարմելօ Ֆլորես Լաուրա ծնած է 16 յուլիս 1890-ին: Հետեւաբար ան այս ամառ իր 123-րդ տարեդարձը տօնեց: Այս մեծ տարիքը իրեն կը հայթայթէ մարդկութեան ամէնէն տարեց անձի տիտղոսը, եւ ինք կ՛ըլլայ ամէնէն երկար ապրած անձը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ֆրանսայի Ժանն Քալմանի, որ մահացած էր 122 տարեկանին:

 

Սակայն Քարմելօ Ֆլորես Լաուրայի ամէնէն տարեց անձի տիտղոսը տալէ առաջ պէտք է ճշգրտել այս իրողութիւնը: Այս գործին լծուած են մրցանիշներու «Կինես» գիրքին խմբագիրները: Սակայն Պոլիվիոյ մէջ դիւրին չէ 1890 թուականէն ծննդեան վկայագիր մը գտնելը: Գոյութիւն ունի ուրիշ միջոց մը: Տարիքը ճշդել ակռաներուն շնորհիւ:

Այս միջոցը կը գործածեն հնագէտները եւ ակռային բաղադրութիւնը վերլուծելով` անձի մը տարիքը կը ճշդեն 4 տարի սխալելու հաւանականութեամբ: Սակայն այս պարագային հարցը այն է, որ Քարմելօ Ֆլորես Լաուրա ակռաներ չունի այլեւս:

Մինչ այդ Քարմելօ ժպիտով մը կը դիտէ իր շուրջը իրար անցնող մարդիկը եւ կը շարունակէ իր հանդարտ եւ շատ պարզ կեանքը: Ան կ՛ապրի Ֆրասքիա գիւղը իր պզտիկ տան մէջ, աւելի քան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Ան տակաւին մինակը կը քալէ, իր ճաշը կ՛եփէ եւ կը հաստատէ, որ ինք բնաւ դեղ չէ առած իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Անոր միակ հաճոյքը կը մնայ քոքայի տերեւներ ծամելը, որ շատ տարածուած սովորութիւն մըն է Պոլիվիոյ մէջ:

 

Կարճ Լուրեր

– Յունուար 1, 2013-ին, ամերիկացի երկուորեակ քոյրեր` Էմէ եւ Աշլի պատահականօրէն նոյն օրը ունեցած են իրենց զաւակները:

– Յունուար 2, 2013-ին, 6 տարեկան անգլիացի Լիլի իր հօրը կեանքը փրկած է: Երբ իր հայրը անհանգստութիւն մը կը զգար, Լիլի յիշած է, որ ան այս տագնապները կ՛ունենար, երբ շաքարի պակաս կ՛ունենար: Հետեւաբար ան անմիջապէս պոնպոններ դրած է հօրը բերանին մէջ եւ փրկած` անոր կեանքը:

– Ամբողջովին փանտաներուն նուիրուած առաջին պանդոկը իր դռները բացած է: Չինաստանի մէջ, Էմէյ լերան լանջին: Հոն կարելի է փանտաներ տեսնել պատերուն վրայ, եւ բոլոր պաշտօնեաները փանտայի պէս ծպտուած են: Սակայն իսկական փանտաներու հանդիպիլը ննջասենեակներուն մէջ շատ հաւանական չէ:

 

– Անգլիոյ մէջ Թըրֆըլ շունը եւ Փուտիթաթ կատուն աշխարհի ամէնէն լաւ բարեկամներն են եւ` անբաժան: Թըրֆըլ կոյր է, եւ Փուտիթաթ դարձած է անոր առաջնորդը: Անոր հետեւելով` Թըրֆըլ կրնայ շրջիլ տան մէջ` առանց կարասիներուն կամ պատերուն զարնուելու, եւ նոյնիսկ դուրս` պարտէզ ելլել:

 

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ իւրաքանչիւր միւս նկարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւով ներկէ 2 կէտ պարունակող բաժինները` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )