Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ի. Փութին 4-րդ Անգամ Նախագահ Ընտրուիլը Չէ Բացառած
«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ բացառած, որ կրնայ նաեւ 4-րդ անգամ առաջադրել իր թեկնածութիւնը 2018-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Աղբիւրը կը նշէ, որ եթէ Փութին այդ ընտրութիւններուն յաղթէ, ապա պիտի գերազանցէ իշխանութեան վրայ մնալու խորհրդային ղեկավար Լէոնիտ Պրեժնեւի մրցանիշը:
Ռուս փորձագէտներու եւ որոշ ընդդիմադիրներու հետ նիստի ժամանակ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ կրնա՞յ դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրել, Փութին ըսած էր` չի բացառեր:
60-ամեայ Փութին իշխանութեան վրայ է 2000-էն ի վեր: Չորրորդ անգամ նախագահ դառնալու պարագային ան պետութեան ղեկավար պիտի մնայ մինչեւ 2024:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Պրեժնեւ իր պաշտօնին վրայ մնացած էր 18 տարի: Սակայն Փութինի իշխանութեան տեւողութիւնը աւելի քիչ պիտի ըլլայ, քան Սթալինինը, որ տեւած է երեք տասնամեակ:


