ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղի Նահատակներուն Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 20 սեպտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի նահատակներուն նուիրուած յիշատակի երեկոյ` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ երիտասարդութեան:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Վարանդա Եագուպեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը դպրոց մըն է, ուր հայ երիտասարդներ կը սնանին ազգային գաղափարական արժէքներով` դառնալու Դաշնակցութեան ժառանգորդները եւ ծառայողները: Ան ըսաւ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը պէտք է յարգանք մատուցէ իր նահատակներուն, քալէ անոնց անսակարկ նուիրումի ճամբէն եւ պայքարի յանուն հայ ազգին ու դատին:

Վարանդա Եագուպեան

Գառնիկ Մկրտիչեան

Ապա ներկաները դիտեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի նահատակներու կեանքն ու գործունէութիւնը նկարագրող վաւերագրական տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ օրուան պատգամախօս Գառնիկ Մկրտիչեան:

Ան յայտնեց, որ Նոր Մարաշի, Արմենիայի, Ապրոյեանի, Շամլեանի, Մեսրոպեանի, Արաքսի, Նոր Կիլիկիոյ, Նորաշէնի եւ շրջակայ թաղամասերու բնակչութեան ապահովութիւնը ստանձնած ԼԵՄ-ական տղաքը ոչ մէկ պահու սակարկեցին իրենց կեանքը եւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին առաջին օրէն մինչեւ նահատակի լուսապսակին իրենց արժանացումը մնացին իրենց թաղերուն մէջ, պարտականութեան վրայ` իբրեւ «անկեղծ զինուոր»-ները Դաշնակցութեան:

Սերոբ Յակոբեան

Լուսին Տեմիրճեան

Մկրտիչեան նշեց, որ ինչպէս ծառերը կանգնած կը մեռնին, նոյնպէս ալ նահատակուեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի վեց նահատակները, որոնք երբեք չդաւաճանեցին իրենց ժողովուրդին ու կուսակցութեան, որոնք իրենց նահատակութեամբ ապացուցեցին, որ մարմինը կարելի է սպաննել, սակայն նպատակը կը մնայ ողջ, իսկ գաղափարը` կենդանի:

Գառնիկ Մկրտիչեան հաստատեց, որ նահատակները ինկան այն յոյսով, որ մենք արժանի շառաւիղները կը դառնանք շիրակեաններու, թեհլիրեաններու եւ թորլաքեաններու բացած ուղիին, որ անշեղօրէն կ՛ընթանանք 40 տարի առաջ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեամբ վերահաստատուած գաղափարական ուղիին, որուն ռահվիրաները եղան մեր նահատակները:

Օրուան պատգամին յաջորդեց վկայութիւններ ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որմէ ետք ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Լուսին Տեմիրճեան եւ Սերոբ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )