Պերլուսքոնի Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Էսթոնիայէն Ընտրուած Երեսփոխան Պիտի Դառնայ
«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի կը պատրաստուի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Էսթոնիայէն ընտրուած երեսփոխան դառնալու:
Իտալացի վերլուծաբանները կը նշեն, որ այս գաղափարը կը գտնուի սկզբնական հանգրուանին մէջ, եւ Պերլուսքոնի կրնայ ատկէ հրաժարիլ: Բայց եւ այնպէս, Պերլուսքոնիի աջակիցներուն մեծ մասը կողմ է, որ Իտալիոյ նախկին վարչապետը իր քաղաքական ասպարէզը շարունակէ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` Էսթոնիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն միջոցով:
Իտալիոյ օրէնսդրութիւնը չ՛արտօներ, որ երկու եւ աւելի տարուան բանտարկութեան դատապարտուած անձեր մասնակցին քաղաքական ընտրութիւններուն, իսկ Էսթոնիոյ օրէնսդրութիւնը այս հարցին մէջ աւելի ազատամիտ է:
CATEGORIES Միջազգային

