Յիշեցնելով Ապահովական Խախտումներու Ծրագիրի Գոյութիւնը` Բանակային Ու Ներքին Ապահովութեան Ուժեր Այսօր Կը Ստանձնեն Հարաւային Արուարձաններու Ապահովութեան Հսկողութիւնը

Մարուան Շարպել

«Լիբանանեան բանակի, ընդհանուր եւ ներքին ապահովութեան ուժերու 800 անդամներ երկուշաբթի պիտի ստանձնեն Պէյրութի հարաւային արուարձաններու ապահովութեան հսկողութիւնը` գործակցաբար Հըզպալլայի ապահովական պատկան մարմիններուն», յայտարարեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել` երէկ կրկին անգամ մերժելով «սեփական ապահովութեան» հասկացողութիւնը:

Շարպել, որ այս գծով նախապէս ստորագրած էր ներքին ապահովութեան ուժերու երկու հազար պահեստի տարրերու գործի լծման շրջաբերական մը, յստակացուց, թէ ճիգերը պիտի համակարգուին Հըզպալլայի ապահովական պատկան մարմիններուն հետ` բանակային, ընդհանուր ապահովութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու անցարգելներու դիրքաւորման համար` Պէյրութի հարաւային արուարձաններու մուտքին եւ գլխաւոր թաղամասերուն մէջ: Շարպել հաստատեց, որ ահաբեկման ու ռմբահարման ծրագիրներ կան Լիբանանի զանազան վայրերու մէջ:

Լիբանանեան իշխանութեան ապահովական այս նախաձեռնութիւնը միաժամանակ գոհունակութեան եւ ընդվզումի ալիք բարձրացուց երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներուն մօտ:

Հըզպալլայի պատասխանատուներէն երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Ալի Ֆայյատ ողջունեցին այս քայլը` նշելով, որ Հըզպալլա մէկէ աւելի առիթներով առաջարկած էր նման քայլ մը:

«Տիար» օրաթերթին համաձայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Սլէյմանի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին առաջարկած էր նման քայլ մը` պատրաստակամութիւն յայտնելով ամէն ձեւով դիւրացնել պետութեան քայլերը, ապահովութեան ամրապնդման մէջ:

Իր կարգին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք ողջունեց լիբանանեան պետութեան այս քայլը` դիտել տալով, որ Հըզպալլա միշտ զօրավիգ եղած է պետութեան գերիշխանութեան ամրապնդման` իբրեւ օրինակ նշելով այն պարագան, երբ Հըզպալլա տիրեց Հարաւի սահմանային գօտիին, բայց «սեփական ապահովութեան» կառոյցներ չհաստատեց հոն:

Միւս կողմէ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ ողջունելով հանդերձ պետութեան այս քայլը իր ընդվզումը յայտնեց նմանօրինակ նախաձեռնութիւն մը Թրիփոլիի մէջ չիրականացնելու գծով:

«Թրիփոլին նոյնքան վտանգաւոր շրջան է եւ նոյնքան պէտք ունի նման նախաձեռնութեան», շեշտեց Քարամէ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ Թրիփոլիի կը զլացուի նման նախաձեռնութիւն:

Յայտնենք, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել անցեալ ուրբաթ օր հաւաստիացուցած էր, թէ այսօր ներքին ապահովութեան ուժեր «մուտք պիտի գործեն» Պէյրութի հարաւային արուարձաններ` հսկելու համար շրջանի ապահովութեան: Շարպել դիտել տուած էր, որ ներքին ապահովութեան ուժերու երկու հազար տարրեր գործի լծելու շրջաբերական ստորագրած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )