ՄԱԿ-ի 68-րդ Ընդհանուր Ժողովին Մասնակցելով` Նախագահ Սլէյման Իր Խօսքին Մէջ Պիտի Արծարծէ Լիբանանի Հիմնական Պահանջները` Շրջանային Տագնապներու Հետեւանքներուն Լուծման Ծիրին Մէջ
Յառաջիկայ օրերուն աշխարհի ուշադրութիւնը պիտի սեւեռի Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին ուղղութեամբ, ուր աւելի քան երկու հարիւր նախագահներ ՄԱԿ-ի 68-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի քննարկեն օրակարգի հրատապ հարցերը, որոնց շարքին նախ կու գայ Միջին Արեւելքի իրավիճակը` իր քաղաքական եւ ապահովական վերիվայրումներով:
Այս ծիրին մէջ շրջանային զարգացումներուն անմիջականօրէն առնչակից Լիբանան պաշտօնապէս ժողովականներուն պիտի ներկայանայ իր հարցերն ու պահանջները սեղանի վրայ, երբ նախագահ Միշել Սլէյման վաղը` երեքշաբթի կէս գիշերին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը` պատկան կողմերու ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լիբանանի կրած ժխտական հետեւանքներուն վրայ:
Նախագահ Սլէյման, որ երէկ կէսօրին պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով մեկնած էր Նիւ Եորք, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին նրբանցքներուն մէջ կողմնակի տեսակցութիւններ պիտի ունենայ մասնակից նախագահներու, վարչապետներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Կը նախատեսուի, որ այս տեսակցութիւնները ընդգրկեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանին, Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը եւ ուրիշներ:
Այս առիթով կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման կը նախագահէ Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջազգային մարմնի ժողովին, ուր պիտի քննարկուին հիմնական առաջնահերթութիւններ, ինչպէս.
Զօրակցութիւն Լիբանանի քաղաքական հաստատութեանց, որոնց շարքին նախ եւ առաջ` լիբանանեան բանակին:
Շեշտել Լիբանանի չէզոքութիւնը շրջանային հրատապ հարցերու զարգացումներուն մէջ` խուսափելու համար անոնց ժխտական հետեւանքներէն:
Զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն Լիբանանի տնտեսութեան, որ զգալի հարուած կրեց շրջանային տագնապներու սաստկացման պատճառով, յատկապէս` զբօսաշրջութեան, գործազրկութեան եւ աղքատութեան երեւոյթի շեշտաւորման իմաստով:
Զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն հետզհետէ բազմացող սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով` անոնց տեղակայման, սննդեղէնի հայթայթման թէ ապրուստի պայմաններու դիւրացման առումով:
Կը նախատեսուի, որ ժողովականները այս իմաստով հաղորդագրութիւն մը հրապարակեն` կազմելով համապատասխան հարցերու հետապնդման յանձնախումբեր: Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ անոնք յայտարարեն գործնական միջոցառումներու յայտագիր մը, որուն ծիրին մէջ նախ եւ առաջ կը նախատեսուի համապատասխան սնտուկի մը յառաջացումը:

