Անկախութենէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով` Աքքարի Կարգ Մը Շրջաններ Նոր Կ՛օժտուին Ելեկտրական Հոսանքով

Հիւսիսային Լիբանանի Աքքարի կարգ մը շրջաններուն, յատկապէս Ժուրտ Քայթահի եւ մերձակայ աւաններուն մէջ տօնական մթնոլորտ մը տիրեց երէկ, երբ անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով շրջանը լուսաւորուեցաւ` օժտուելով ելեկտրական հոսանքով: Տեղացիներ օրուան յատուկ հանդիսութիւններով ողջունեցին ելեկտրականութեան ընկերութեան այս քայլը` անուշեղէն բաժնելով ամէնուրեք:

Share this Article
CATEGORIES