Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտելու Կրօնական Սրբավայրերու Դէմ Յարձակումները

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա

Շիի հոգեւոր հեղինակութիւններէն սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի զաւակը` սէյիտ Ալի Ֆատլալլա երէկ կոչ ուղղեց իսլամական թէ քրիստոնէական պատկան մարմիններուն` կրօնական յստակ դատապարտում ցուցաբերելու մզկիթներու թէ եկեղեցիներու դէմ կատարուող յարձակումներուն դէմ:

Սէյիտ Ֆատլալլա պահանջեց ահաբեկչական արարքներէն վար առնել կրօնական պիտակը եւ դատապարտել նման յարձակումներ, որոնք թիրախ ունին քրիստոնեայ թէ իսլամ սրբավայրեր:

Share this Article
CATEGORIES