Ողջունելով Օրինական Ուժերու Դիրքաւորումը Տահիէի Մէջ`. Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Գործակցելու Եւ Դիւրացնելու Օրինական Ուժերու Առաքելութիւնը
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը ողջունեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ լիբանանեան օրինական ուժերու դիրքաւորումը` մաղթելով, որ պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը հաստատէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Ան այս գծով զօրակցութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ եւս նման ապահովական ծրագիրներու գործադրութեան:
Ան կոչ ուղղեց շրջանի բնակիչներուն առաւելագոյն աչալրջութեամբ գործակցելու եւ դիւրացնելու լիբանանեան օրինական ուժերուն պարտականութիւնը: Ռուէյսի վերջին խափանարարական պաթումին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ սուրիացի ընդդիմադիրներու զօրավիգ արմատական հաւատադրժողական տարրեր պատասխանատու են այդ ռմբահարումին, եւ «մենք վճռական ենք մեր այս եզրայանգումին մէջ»:
Նասրալլա իր խօսքին մէջ հերքեց երեք ութերու տարազին հիման վրայ կառավարութեան կազմութեան հաւանականութիւնը` վերահաստատելով նշանակեալ վարչապետին նկատմամբ ցուցաբերուած Հըզպալլայի զօրակցութիւնը:
Շրջանային հարցերուն անդրադառնալով Սուրիոյ կողքին Նասրալլա յիշեցուց, թէ Թուրքիա սկսած է մտահոգուիլ հետզհետէ հոն (Սուրիոյ մէջ) շեշտուող արմատական հոսանքներու դէպի Թուրքիա «հոսք»-էն:
Ան հարց տուաւ, թէ Լիբանան ի՞նչ ըրաւ անդրադառնալով Պահրէյնի վերջին իրադարձութիւններուն, որոնց ընթացքին լիբանանցիներ արտաքսուեցան այդ երկրէն:


