«Քիմիական Զէնքերուն Հարցով ՄԱԿ-ի Բանաձեւէն Չենք Մտահոգուած» Կ՛ըսէ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չինական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք սուրիական քիմիական զէնքերուն հարցով Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած բանաձեւէն չի մտահոգուիր:
Ան ըսաւ, որ այդ երեք երկիրները այդ բանաձեւը ներկայացնելով «կը փորձեն միայն իրենց երեւակայական թշնամիին` Սուրիոյ դէմ պատերազմին մէջ իրենք զիրենք յաղթականի վերածել»:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ նշեց, որ Չինաստան եւ Ռուսիա «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ զինուորական արարք գործելու որեւէ պատրուակ չմնալուն համար դրական դերակատարութիւն կ՛ունենան»:
Ասատ նշեց, որ Սուրիա տասնամեակներէ ի վեր քիմիական զէնքեր կ՛արտադրէ, որովհետեւ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող պետութիւն մըն է եւ բռնագրաւուած հողեր ունի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մօտ որոշ քանակի քիմիական զէնքեր կան, սակայն Սուրիոյ բանակը ինքզինք պատրաստած է աւանդական զէնքերով կռիւի:
«Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերը կը գտնուին ապահով շրջաններու եւ դիրքերու մէջ, իսկ բանակը անոնց ամբողջական կերպով կը վերահսկէ», ըսաւ Ասատ:
Յայտնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ օր առաջ նշած էր, որ «մեր տուեալները կը փաստեն, որ զինեալները Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներ ունեցող շրջաններու կը տիրեն»:
Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ կարգ մը երկիրներու մօտ այն ուղղուածութիւնը կայ, թէ ահաբեկիչները միջազգային հետաքննիչներուն դէմ բռնարարքներ կրնան գործել, որպէսզի սուրիական կառավարութիւնը զանոնք գործելով ամբաստանուի:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը Քայիտայի առնչակից ծայրայեղական խմբաւորումներուն «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մէջ ներկայացուած ըլլալը չի կրնար ընդունիլ»:
«Քայիտայի առնչակից ըմբոստներու խմբաւորումները հեռու պիտի պահուին Սուրիոյ վերաբերեալ ապագայ խաղաղութեան բանակցութիւններէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «անոնք անմեղ սուրիացիներ կը սպաննեն, զէնք կը վերցնեն եւ ահաբեկչութիւն կը գործեն»:
Մըքտատ յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ եւ արեւմտեան պետութիւնները որեւէ ձեւով պիտի չկարենան սուրիական կառավարութեան ստիպել Քայիտայի եւ անոր մասնաճիւղերուն ու ահաբեկիչներուն հետ բանակցիլ»` աւելցնելով, որ «Ժապհաթ Նուսրան ու Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը այդ խմբաւորումներէն են, որոնց հետ Սուրիա երկխօսութիւն պիտի չկատարէ»:
«Նոյնիսկ Սուրիական ազատ բանակը երկրին բազմաթիւ վայրերուն մէջ Քայիտայի եւ անոր մասնաճիւղերուն միացաւ», ըսաւ Մըքտատ:
Մինչ այդ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ կը գլխաւորէ այս շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակից իր երկրին պատուիրակութիւնը եւ երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին ժողովին առջեւ խօսք մը պիտի արտասանէ:
Նշենք, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը կիրակի օր յայտարարած էր, որ իր մէկ պատուիրակութիւնը այսօր նախատեսուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախօրեակին արդէն Նիւ Եորք կը գտնուի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ «վերիվայրումներ ապրող պետութեանց, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան տարածումը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն համար իսկական վտանգ մը կը ներկայացնէ»:
«Կազմակերպութիւնը չի կրնար անտեսել Սուրիոյ հարցը», ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ազգային հաշտութեան ժողովրդային յանձնախումբի նախագահ շէյխ Սալեհ Տալալի Նուէյմի յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ողջ են»:


