Հայկական Հիմնախնդիրներու Իրազեկման Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Արթուր Բաղդասարեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի մասնակիցները 20 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի հետ:

Տեղի ունեցաւ «Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրները» նիւթով քննարկում: Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` Արթուր Բաղդասարեան կարեւոր նկատեց հայապահպանման, ազգային անվտանգութեան, պետութեան առջեւ դրուած մարտահրաւէրները դիմակայելու խնդիրներուն վերաբերող այսպիսի համահայկական քննարկումները եւ վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ ուժերով հայ ժողովուրդը կրնայ զանոնք յաղթահարել եւ սփիւռքը մեծ դերակատարութիւն ունի այդ գործին մէջ: «Ես կը կարծեմ, որ քննարկումը շատ տպաւորիչ է եւ ներկայացուցչական եւ կ՛օգնէ գործունէութեան, ազգային մարտավարութեան նոր մեքանիզմներ մշակել, գործնական արդիւնքներ ստանալ», նշեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Հայաստանի անվտանգութեան առաջնահերթութիւններու մասին զեկոյցէն ետք Արթուր Բաղդասարեան պատասխանեց համաժողովի մասնակիցներու հարցումներուն: Կարեւոր նկատելով Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի դերը համազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփեց քննարկումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կառուցողական ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:

Share this Article
CATEGORIES