Սպառնալով Նոյնիսկ Թուրք Դեսպանին Ճամբան Խափանել. Ազեզի Մէջ Գտնուող Լիբանանցի Առեւանգեալներու Ծնողները Սաստկացուցին Իրենց Քայլերը

Կը սպառնան հրկիզել թրքական դեսպանատունը

Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ծնողները երէկ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Ռապիէի թրքական դեսպանատան առջեւ` սպառնալով փակել նոյնիսկ թուրք դեսպանին ճամբան, եթէ իրենց հարազատները ազատ չարձակուին:

«Մենք գիտենք, թէ դեսպանը ո՛ր ճամբաներէն կ՛երթեւեկէ եւ կը պահանջենք թուրքերու Լիբանանէն մեկնումը, այնքան ատեն որ մեր հարազատները տակաւին առեւանգուած կը մնան», ընդգծեցին առեւանգեալներուն հարազատները: Իրենց հետ անիւներ կրող ցուցարարները Ռապիէէն ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Թրքական մշակութային կեդրոն, ուր նաեւ պահանջեցին առեւանգեալ երկու առաջնորդներու` Եազիժի եւ Եուհանա եպիսկոպոսներու ազատ արձակումը:

Ցուցարարները, որ կեդրոնին հսկող ոստիկաններուն հետ երկար բանակցութիւններէ ետք հրաժարեցան անիւներու հրկիզումէն, սպառնացին շարունակել իրենց բողոքի ելոյթները, մինչեւ առեւանգեալներու ազատ արձակումը:

Անոնք նաեւ քննադատեցին նախագահ Սլէյմանի կեցուածքը` պահանջելով, որ ան ՄԱԿ-ի մէջ արծարծէ նաեւ իրենց առեւանգեալ հարազատներուն հարցը` դիտել տալով, որ ի հարկին պիտի արգիլեն թուրքերու Լիբանան մուտքը:

Share this Article
CATEGORIES