Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց արդիւնքները Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի վեց մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին:
Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Անսար 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Անոր մրցակիցն էր Սաֆա:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնք պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիման վրայ.
ՈՒՐԲԱԹ, 27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Ահտ 15:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Նըժմէ – Թատամոն Սուր 15:30 Մարզական Աւան
Ախա Ահլի Ալէյ – Մապարրա 15:30 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Անսար – Սալամ Զղարթա 15:30 Պէյրութ
Շապապ Սահել – Սաֆա 15:30 Սայտա
Թրիփոլի – Իժթիմահի 15:30 Թրիփոլի

