Անդրադարձ. Եւրասիական Միութեան Ձեւաւորման Մարտահրաւէրը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մոսկուայի մէջ Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ անակնկալ որոշումին յայտարարութենէն ետք, Հայաստան կը գտնուի Եւրասիական միութեան անդամակցութեան հեռանկարին առջեւ: Անհրաժեշտ է այժմէն իսկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու եւ Մաքսային միութեան ժխտական դիպաշարերը չկրկնուին, այլ այս անգամ թափանցիկ գործելաոճ որդեգրուի եւ հասարակութիւնը մասնակից դառնայ առնչակից հարցերու քննարկման ու հետագայ որոշումի որդեգրման:

Կայացած միութեան մը անդամակցութեան համար բանակցիլը բան մըն է, միութեան մը յառաջացման եւ ձեւաւորման համար բանակցիլը` այլ բան: Վերջինս առաւել նպաստաւոր պայմաններ ապահովելու առիթներ կ՛ընծայէ, ահա թէ ինչու պատրաստ ձեւաչափ ունեցող Մաքսային միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններէն ետք, Եւրասիական միութեան  ձեւաւորման բանակցութեանց Հայաստանի մասնակցութիւնը կենսական է: Ան պէտք է աշխուժ մասնակցութիւն բերէ այդ աշխատանքին, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ անոր դրոյթներէն օգտուի եւ ժխտական ազդեցութիւններէն պաշտպանուի: Հայաստան ըսելիք խօսք պէտք է ունենայ եւ անոր տեսակէտները պէտք է նկատի առնուին, որպէսզի արդիւնքը նաեւ մեր շահերուն ծառայէ: Այս հոլովոյթի աւարտին կարելի է անդամակցութեան վերաբերեալ վերջնական որոշում մը գոյացնել:

Եւրոպական Միութեան հետ գոյացած Ընկերակցութեան եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներու նախաստորագրման նախօրեակին, այդ երկարատեւ աշխատանքին արդիւնքէն հրաժարելու պատճառ դարձած ռուսական արջի ծանր թաթը եւ այլ երկիրներու հետ հարցերու լուծման Քրեմլինի ընդհանրապէս կիրարկած «կարծր» գործելաոճը` Եւրասիական միութեան ձեւաւորման աշխատանքին մէջ ամբողջ ուշադրութիւնը Ռուսիոյ բացարձակ տիրապետութեան հաստատման կանխարգիլման եւ անոր ազդեցութեան սահմանափակման վրայ կեդրոնացնելու հրամայականը կը ստեղծեն: Անշուշտ, Հայաստան այդ աշխատանքը առանձին չի կրնար կատարել եւ պէտք չէ կատարէ: Այդ գործը պէտք է վստահուի մոսկովեան «կարծր դիւանագիտութեան» նկատմամբ հասարակաց մտահոգութիւն ունեցող թեկնածու երկիրներու համախմբումի մը, որուն ստեղծումը, ռուսական պատժական տնօրինումներէ զգուշանալու համար, լռելեայն համաձայնութեան մը արդիւնքը պէտք է ըլլայ:

Ստեղծուելիք Եւրասիական միութեան մէջ որոշումներու որդեգրումը պէտք է համախոհութեամբ ըլլայ եւ ոչ թէ` պարզ մեծամասնութեամբ, այլապէս անդամ երկիրներուն վրայ Ռուսիոյ կամքին պարտադրումը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ: Թեկնածու երկիրներուն վրայ Ռուսիոյ ունեցած ազդեցութեան լոյսին տակ, որոշումներու որդեգրման համախոհական տարբերակը Մոսկուայի կամքի պարտադրման կարելիութիւնը չի բացառեր, սակայն առնուազն այդ պետութեանց համար համեմատաբար աւելի նպաստաւոր համաձայնութիւններու գոյացման կարելիութիւնը կը ստեղծէ:

Ստեղծուելիք Եւրասիական միութիւնը Վարշաւայի ուխտին կրկնօրինակը պէտք չէ ըլլայ, իսկ Հայաստան Ռուսիոյ մէկ «արբանեակ» երկրին պէտք չէ վերածուի: Այլապէս, մենք մեզ պիտի գտնենք Խորհրդային Միութենէն անկախանալէ ետք Վարշաւայի ուխտ մուտք գործած ըլլալու անհեթեթ իրավիճակին մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )