Մինսքի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Եւրասիական Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդի Վեհաժողով
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միասնիքովիչ յայտնած է, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Մինսքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի վեհաժողովը` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահներուն:
Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի` կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով նիստին ընթացքին Միասնիքովիչ նշած է, որ «մեր հանդիպումը կարեւոր է նախապատրաստութեան համար պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովին, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Մինսքի մէջ»:
Բացի Ռուսիայէն, Ղազախստանէն եւ Պիելոռուսիայէն, խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստերուն կը մասնակցին Ուքրանիան եւ Խըրխըզիստանը, որոնք կազմակերպութեան մէջ դէտի կարգավիճակ ունին:

