Քաղդէացիներու Բաբելոնի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Քրիստոնեաներուն Չարտագաղթելու
Աշխարհի քաղդէացիներու Բաբելոնի պատրիարք Մար Լուիս Ռուֆայէլ Սաքօ երէկ Իրաքէն ժամանեց Պէյրութ եւ այս առիթով Պէյրութի օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութեամբ կոչ ուղղեց շրջանի քրիստոնեաներուն չարտագաթելու շրջանէն, որովհետեւ «արտագաղթը կորուստի կը մատնէ մեր ինքնութիւնը: Պատրիարք Սաքօ նաեւ մաղթեց, որ սիւննի-շիի բախումներ տեղի չունենան` կոչ ուղղելով իսլամական կառոյցներուն լուծելու քրիստոնեաներու արտագաղթի հարցը:
«Կարգ մը երկիրներ կը քաջալերեն քրիստոնեաներու արտագաղթը` մուտքի արտօնագիր շնորհելով անոնց, ինչ որ պէտք է կասեցնենք եւ գիտակցինք անոր հետեւանքներուն», ընդգծեց քաղդէացիներու պատրիարքը:
CATEGORIES Լիբանանեան


