Թրքական Դատարանը Պիտի Վերսկսի Դատական Գործը Օրանը, Տինքը Եւ Հայերը Վիրաւորած Ահաբեկիչին Դէմ

Պասքըն Օրան

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանը բաւարարած է «Ակօս» շաբաթաթերթի թղթակից Պասքըն Օրանի բողոքարկման դիմումը` բեկանելով Անգարայի առաջին ատեանի 2-րդ դատարանի որոշումը, որով յետաձգուած էր թուրք յայտնի լրագրողի եւ քաղաքագէտի նկատմամբ սպառնալիքներ ուղղած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամի դատավարութիւնը:

Ըստ դատարանի որոշումին, Պասքըն Օրանին ե-նամակներ յղած Պիլալ Շեքերօղլուի ունեցած արտայայտութիւնները իրենց մէջ սպառնալիք կը պարունակեն եւ չեն տեղաւորուիր խօսքի ու մտքի ազատութեան ծիրին մէջ: Այդպիսով, Օրանը, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքն ու հայերը վիրաւորած անձին դէմ դատական գործը պիտի վերսկսի:

Օրան 30 մայիս 2008-ին «Թուրք վրիժառուներու ջոկատ» կոչուած կազմակերպութեան անդամ Շեքերօղլուէն ստացած էր ե-նամակ մը, որուն մէջ վերջինս գրած էր, որ Տինքէն ետք Օրանը սպաննելու կարգը պիտի գայ` աւելցնելով, որ «այս կեղտն ալ պէտք է մէջտեղէն վերցուի, հայերու պաշտպանները պէտք չէ կարենան հանգիստ քնանալ»: Նման բովանդակութեամբ նամակ մը Շեքերօղլու յղած էր նաեւ «Ակօս»-ի խմբագրութեան: Օրանի հայցով Շեքերօղլուի դէմ դատ բացուած է, եւ Ատանայի դատախազութիւնը պահանջած է զինք 7.5 տարի բանտարկութեան դատապարտել, սակայն դատական գործը տեղափոխուած է Անգարայի դատարան, որ վճռած է 5 տարիով յետաձգել դատը:

Share this Article
CATEGORIES