ՀՅԴ-ն Ետ Պիտի Կանչէ Բարոյագիտութեան Յանձնախումբին Մէջ Իր Անդամը, Եթէ Մեծամասնութիւնը Չընդունի Իր Առաջարկները
Ազգային ժողովի բարոյագիտութեան յանձնախումբին մէջ ՀՅԴ-ն ներկայացնող պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութիւնը երէկ խմբակցութեան նիստի հրաւիրած է եւ որոշած, որ եթէ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը չընդունի «Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին մէջ» լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու իրենց նախագիծը, ապա ետ կը կանչեն բարոյագիտական յանձնախումբի իրենց անդամը:
«Եթէ իշխանութիւնը կ՛ընդունի, նոր յանձնախումբի կազմաւորման սկզբունքով կ՛աշխատինք, թէ ոչ` մենք դուրս կու գանք յանձնախումբէն», ըսաւ պատգամաւորը:
Նշենք, որ Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութիւնը մօտ տասը օր առաջ ետ կանչած էր իր անդամը եւ կարելիութիւններ կան, որ խորհրդարանական չորս ընդդիմադիր խմբակցութիւնները համաձայնական դաշինքի մեծամասնութիւնը փաստի առջեւ կանգնեցնեն, այսպէս կոչուած, անյաղթահարելի խոչընդոտի առջեւ:
Ազգային ժողովի բարոյագիտութեան յանձնախումբին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Կորիւն Նահապետեան Tert.am-ին յայտնեց, որ ոչ մէկ իրաւական ու իրաւաբանական փակուղի կարելի չէ, որովհետեւ, եթէ Հայ ազգային քոնկրեսը ետ կանչէ իր անդամը, յանձնախումբի նախագահ պիտի նշանակուի յաջորդ մեծագոյն ընդդիմադիր խմբակցութենէն, այսինքն` ՀՅԴ-էն:
Իսկ Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանն պատասխանելով այն հարցումին, որ կարելի՞ է չորս խմբակցութիւններուն հետ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ ետ կանչեն իրենց անդամը` Վահան Բաբայեանը, նշեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան դիրքորոշումը յստակ է. այն պահուն, երբ Ազգային ժողովը ընդունի առաջին ընթերցումով ընդունուած կիսագրագէտ եւ հակասահմանադրական նախագիծը, որ բարոյագիտութեան յանձնախումբը պիտի օժտէ հակասահմանադրական գերլիազօրութիւններով, եւ ըստ էութեան, պիտի տայ քաղաքական մահակի կարգավիճակ, Բարգաւաճ Հայաստանը ետ կը կանչէ իր անդամը»:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, առաջարկները կը վերաբերին յանձնախումբի տարբեր ուժերու ներկայացուածութեան համամասնութեան, ինչպէս պատգամաւորներու շահերու բախման վերաբերող օրէնսդրական լուծումներուն:
«Մենք օրէնքի փոփոխութիւններու ժամանակ յայտարարած էինք, որ այս ձեւով յանձնախումբը չի կրնար աշխատիլ եւ գործնականին մէջ անգամ մը եւս կ՛երեւի, որ թէ՛ օրէնսդրական լուծման տեսանկիւնէն, թէ՛ յանձնախումբի կազմաւորման սկզբունքներու տեսանկիւնէն, յանձնախումբը չի կրնար իր նպատակին ծառայել, եթէ նպատակը արդիւնաւէտ, շահերու բախման բացայայտումն է», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:


