Սպարտակ Մոսկուա Կրնայ Համալրուիլ Նոր Հայ Ֆութպոլիստներով
Սպարտակ Մոսկուայի հայ բաժնետէր Ճիւան Չալոյեան եւ խումբի գլխաւոր մարզիչ Վալերի Քարփին նախորդ 6 սեպտեմբերին ներկայ էին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած Չեխիա – Հայաստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:
ArmSport.am կը յայտնէ, որ Չալոյեան Երեւան էր նաեւ Հայաստան – Դանիա մրցումին:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Սպարտակի պատասխանատուները ուշադրութեամբ կը հետեւին հայ մէկ-երկու ֆութպոլիստներու խաղարկութեան:
Ասոր իբրեւ արդիւնք, մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ժամանակ, ռուսական այս անուանի ակումբը կրնայ համալրուիլ նոր հայ ֆութպոլիստներով, որոնք պիտի միանան Եուրա Մովսիսեանին եւ Արազ Օզպիլիսին:
CATEGORIES Մարզական

