Վոլիպոլ. Քաթարի Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ Պրոնզէ Մետալին
Լիբանանի տղոց Վոլիպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քաթարի վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքին, իր կատարած վերջին մրցումին 3-0 արդիւնքով (19-25, 23-25 եւ 20-25) պարտութիւն մը կրելէ Աւստրալիայէն, տիրացաւ պրոնզէ մետալին:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան յաղթած էր Քաթարի, մինչ երկրորդին պարտուած` Ճափոնէն:
Այսօր` հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Լիբանանի կազմը կը ժամանէ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիական ախոյեանութեան:
Յառաջիկայ կիրակի օր Լիբանանի առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Փաքիստանը:
CATEGORIES Մարզական

