Պէյրութէն Հռոմ Մեկնումի Պահուն. Եազիժի Պատրիարք Լաւատեսութեամբ Արտայայտուեցաւ Երկու Առեւանգեալ Եպիսկոպոսներու Ազատ Արձակման Գծով

Եազիժի պատրիարքը

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Պէյրութէն մեկնեցաւ Հռոմ` խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար Ֆրանչիսկոս Ա. պապին հետ, քննարկելու համար շրջանի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն իրավիճակը:

Նախքան իր մեկնումը, Եազիժի պատրիարքը օդակայանի պատուոյ հիւրասրահին մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ իրեն հրաժեշտ մաղթելու եկած ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Այս առիթով Եազիժի պատրիարքը լաւատեսութեամբ յոյս յայտնեց երկու առեւանգեալ եպիսկոպոսներու ազատ արձակման գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES