Ճատրակ. Ֆիտէ-ի Կրան-Փրիի Մրցաշարք. Դանիէլեան Կ՛արձանագրէ Ոչ Այդքան Տպաւորիչ Արդիւնքներ
Հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՖԻՏԷ-ի ճատրակի կրան-փրիի աղջկանց միջազգային մրցաշարքին, կ՛արձանագրէ ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ:
7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ան միայն 2,5 կէտով կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: Ան իր վերջին 1 կէտը ապահովեց, երբ 7-րդ հանգրուանին յաղթեց Զիւյէ Զհաոյի:
Առաջին դիրքը 5,5 կէտով կը գրաւէ Հումփի Քոներու:
Այսօր հանգիստի օր է: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 30 սեպտեմբերին, կ՛եզրափակէ Armchess.am:
CATEGORIES Մարզական

