Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր անցեալը մի՛ մոռնաք, կապ պահեցէք ձեր արմատներուն հետ: Նորոգուած պիտի զգաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գիւղը լաւագոյն վայրն է ներշնչուելու: Օգտագործեցէք այս առիթը, որ վայելք է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ներկայիս շատ կը ծախսէք: Ժամանակն է, որ մտածէք նաեւ եկամուտի մասին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պտուղներ կերէք լաւ կենսանիւթ ստանալու համար: Եղանակը յարմար է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այժմէն իսկ մտածեցէք ձեր առողջութեան մասին եւ  հրաժարեցէք վնասակար բաներէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տօնական հանդիպում մը կատարելը չի մերժուիր: Ձեզի կը մնայ ուրախանալ: Ընդունեցէք հրաւէրը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտածեցէք ձեր ապագային մասին, նկատի առէք ներկայացուած լուծումները:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միայն բարի կամքով պիտի օգնէք ուրիշներու: Ձեր վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ միայն օգնած ըլլալու երջանկութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարգապահութիւն դրէք տան մէջ: Խառնակութիւնը կ՛արգիլէ մտածել:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ զոյգերը կը կարծեն, որ նախանձը սիրոյ հոմանիշ է, կը սխալին: Այս ձեւով չէք կրնար միասնաբար հարցեր լուծել:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն օր ուրախ մթնոլորտ չի ստեղծուիր, հետեւաբար յարմարեցէք օրուան պահանջին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ամուրի էք, կրնաք հանդիպիլ սիրային տեսակցութեան մը. իսկ ամուսնացեալք կրնան ապրիլ նոյն սիրով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )