Իրան Խոստացած Է Իր Հիւլէական Ծրագիրին Խաղաղ Բնոյթը Ապացուցել
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի մէջ հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած է Վեցեակի (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Չինաստան) արտաքին գործոց նախարարներու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ հանդիպում մը:
Վեցեակի հանդիպումէն ետք Զարիֆ առանձին հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Այդ հանդիպումը վերջին վեց տարիներուն ընթացքին նման բարձր մակարդակով առաջին հանդիպումն էր:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Զարիֆ յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Իրանի ներկայացուցած փաստերը թոյլ պիտի տան միջազգային հանրութիւնը համոզելու, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթ ունի: Ան տեղի ունեցած հանդիպումները չափազանց կառուցողական նկատած է: Նման գնահատականներով կեցուածքներ արտայայտած են նաեւ Քերրին եւ Վեցեակին մաս կազմող մնացեալ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:
Քերրի յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն յառաջիկայ ամիսներուն կրնայ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնել, եթէ Թեհրան համաձայն գտնուի իր հիւլէական ծրագիրին միջազգային հսկողութիւն արտօնելու արագ միջոցառումներ որդեգրելու:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեան» յայտագիրին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրաւացի՞ է, երբ 3-էն 6 ամսուան ընթացքին համաձայնութեան մը մասին կը խօսի, Քերրի ըսաւ.«Անշուշտ. ատիկա կարելի է»` աւելցնելով, որ «կրնանք աւելի կարճ ժամանակի մէջ համաձայնութեան մը հասնիլ: Այդ հարցը կախեալ է անկեղծութենէն եւ թափանցիկութնէն, զորս Իրան մտադիր է փաստել»:

