Պահանջելով Անոնց Հոսքի Կասեցումը`. Պասիլ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ Սուրիացի Գաղթականներու Լիբանան Հոսքին Գծով

Ժըպրան Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ահազանգ հնչեցնելով Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու հոսքի ազդեցութեան գծով: «Անկախութենէն ի վեր ասիկա առաջին անգամն է, որ Լիբանան նման կացութեան կը մատնուի», ընդգծեց Պասիլ` պահանջելով ամէն ձեւով կասեցնել սուրիացի գաղթականներու Լիբանան մուտքը:

«Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, ցարդ արձանագրուած սուրիացի գաղթականներու թիւը կը հաշուէ մէկ միլիոն յիսուն հազար հոգի», ըսաւ Պասիլ` նշելով, որ այդ թիւը տարեվերջին պիտի հասնի մէկ միլիոն երեք հարիւր հազարի, իսկ 2014-ին` մէկ միլիոն 600 հազարի:

«2012-էն 2014-ի միջեւ սուրիացի գաղթականներու հոսքին ազդեցութիւնը Լիբանանի տնտեսութեան վրայ կը նախատեսուի, որ հասնի 7,5 միլիառ տոլարի», աւելցուց Պասիլ` նկատել տալով, որ գաղթականներուն մեծ մասը զինավարժ է` տրուած ըլլալով, որ անոնք պարտադիր զինուորական ծառայութեան ենթարկուած են:

Պասիլ մտավախութիւն յայտնեց, որ դիտումնաւոր կերպով մութ ծրագիր կայ սուրիացի գաղթականները Լիբանան ղրկելու գծով` դիտել տալով, որ այս երեւոյթէն պիտի տուժեն հաւասարապէս իսլամներն ու քրիստոնեաները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )