Մերժելով Իր Պաշտօնավարութեան Ժամանակաշրջանի Երկարաձգումը`. «Բոլոր Կողմերը Համամիտ Են Ազգային Երկխօսութեան» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Միշել Սլէյման

Նիւ Եորքէն իր վերադարձին, նախօրօք արձանագրուած եւ լիբանանեան պետական «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի կայանէն երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցով, նախագահ Միշել Սլէյման  անդրադարձաւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի քուլիսներուն  մէջ թէ Լիբանանի զօրակցութեան ու օժանդակութեան միջազգային մարմինին գծով իր հանդիպումներուն, Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութեանց, Ժընեւ-2 համագումարէն Լիբանանի ակնկալութեանց, նախագահութեան իր պաշտօնավարութեան երկարաձգման հաւանականութեան, Լիբանանի քաղաքական ներքին կեանքին, Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի ժողովին, Ազեզի մէջ առեւանգեալ լիբանանցիներու հարցին, կառավարութեան կազմութեան եւ այլ հրատապ հարցերու:

Աւելի քան 35 վայրկեան տեւած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման Լիբանանի համար խիստ օգտակար ու շահեկան որակեց ՄԱԿ-ի 68-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ  գումարուած Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջազգային մարմինի ժողովը, որ արգասիքն էր մէկէ աւելի առիթներով իր ձեռնարկած քուլիսային հանդիպումներուն, եւ արծարծած պահանջներուն` Լիբանանի կացութեան հետեւող, առնչակից կողմերուն հետ: Ան աննախընթաց որակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ցուցաբերած հոգածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ եւ անոր նախանձախնդրութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին: Փաստօրէն նախագահ Օպամա երկար խորհրդակցութիւն ունեցած է հանրապետութեան նախագահին հետ եւ նախապէս որոշուած ու Լիբանանին յատկացուող 80 միլիոն տոլար օժանդակութեան կողքին, 8.7 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն խոստացած է: Սլէյման յայտնեց, որ այս որոշումներու եւ օժանդակութեանց յաջողութեան համար իր գրաւը դրած է Լիբանանի զանազան կողմերու ցուցաբերած ներքին համերաշխութեան վրայ: Ասիկա նմուշ մըն է Լիբանանի համակեցութեան տարազին, որ կը դրսեւորուի կողմերու ցուցաբերելիք զօրակցութեամբ`  «Պաապտայի յայտարարութեան» թէ լիբանանեան բանակի առաքելութեան գծով: Ան «քաղաքական հոլովոյթ» եզրով բնութագրեց Լիբանանի զօրակցութեան ու օժանդակութեան միջազգային մարմինի գործունէութիւնը, որ իր յաջորդ հանգրուանին յատուկ յանձնախումբեր պիտի յառաջացնէ` տրուած որոշումներու գործադրութեան համար:

Նախագահ Սլէյման «բնականաբար դրական ու օգտակար» նկատեց Լիբանանի համար` միջազգային որեւէ մերձեցում կամ ձիւնհալ, ինչպէս օրինակ` իրանցի ղեկավարներու հանդիպումները ամերիկացի թէ սէուտցի պատասխանատուներու հետ: Նախագահ Օպամայի հետ իր խորհրդակցութեանց անդրադառնալով` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները ընդգրկած են Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը ընդհանուր առմամբ: Լիբանանեան ներքին հարցերուն անդրադառնալով` նախագահ Սլէյման վերահաստատեց, որ ինք կը մերժէ իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի երկարաձգումը` հարց տալով, թէ արդեօք երկարաձգում պիտի կատարուի՞: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ բոլոր երեսփոխաններն ալ ներկայանան ու մասնակցին ընտրական ժողովին` սահմանադրական իրենց պարտականութեանց ծիրին մէջ:

Ազգային համերաշխութեան գծով հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, թէ բոլոր կողմերն ալ համամիտ են կլոր սեղանի շուրջ քննելու ազգային ներքին հարցերը: Ան յոյս յայտնեց, որ կողմերը ինքնաբերաբար հրաժարին Սուրիոյ դէպքերուն միջամուխ դառնալէ` նշելով, որ ինք պատկան կողմերէն պահանջած է Լիբանանը «անցք»-ի չվերածել` Սուրիոյ կացութեան վրայ ազդելու համար:

Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալներու հարցին գծով նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ այս հարցը արծարծած է պատկան կողմերուն եւ Թուրքիոյ նախագահին հետ, որ սակայն նոր տեղեկութիւններ չունի այս առնչութեամբ: Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին այս հարցին գծով, որ այլեւս սերտօրէն կ՛առնչուի առեւանգեալ երկու թուրք օդաչուներու հարցին: Ան աւելցուց, որ դէպի Սէուտական Արաբիա նախատեսուող իր այցելութիւնը  որոշուած էր նախքան  Նիւ Եորք իր մեկնումը եւ ոչ մէկ արգելք ունի տեսակցելու նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, եթէ իր այցելութիւնը զուգադիպի Հարիրիի  հոն ներկայութեան: Անդրադառնալով կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով  ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթի ակնարկութեան` նախագահ Սլէյման փափաք յայտնեց, որ անիկա կազմուի այսօր իսկ` յարգելով սահմանադրական տրամադրութիւնները: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը կողմեր իրենց բաժինը կը պահանջեն ու առ այդ կ՛արգելակեն կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ կողմերը վստահութիւն ունենան իրենց նախագահին եւ վարչապետին վրայ, ընդգծեց նախագահ Սլէյման:

«Էականը` լիբանանցիք լաւ կատարեն իրենց քաղաքական ընտրանքները, որովհետեւ անոնք  ուշ կամ կանուխ պիտի կրեն այդ լաւ կամ գէշ ընտրանքներուն դրական արդիւնքները կամ ժխտական հետեւանքները», եզրափակեց նախագահ Սլէյման:

«Պի. Պի. ՍիԿայանին Հետ Հարցազրոյցի Ընթացքին

Նախագահ Սլէյման Կրկնեց Իր Կոչը
Պատկան Կողմերուն` Օգնելու Լիբանանին
Եւ «Հիւրընկալելու» Սուրիացի Գաղթականները

Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած ուղղակի թէ քուլիսային խորհրդակցութեանց անդրադառնալով` նախագահ Միշել Սլէյման երէկ բրիտանական «Պի. Պի. Սի.» կայանին վերահաստատեց իր նախանձախնդրութիւնը` Լիբանանը զերծ պահելու Սուրիոյ անցուդարձերուն ազդեցութիւններէն: «Ազգային երկխօսութեան ժողովին մէջ որոշուած էր չէզոք դիրք որդեգրել, սակայն կարելի չեղաւ այս որոշումը յարգել», ըսաւ նախագահ Սլէյման` ցաւ յայտնելով, որ դժբախտաբար կարգ մը կողմեր անտեսեցին կամ շրջանցեցին այդ որոշումը: Նշելով, որ Լիբանան խորապէս ազդուեցաւ Սուրիոյ դէպքերէն` ընկերային, ապահովական, քաղաքական, տնտեսական ժողովրդագրական իմաստով, Սլէյման ակնկալեց, որ Հըզպալլա իր զինեալները տուն կանչէ Սուրիայէն:

Այս առիթով նախագահ Սլէյման վերահաստատեց իր կոչը միջազգային պատկան կողմերուն եւ կազմակերպութեանց` օգնելու Լիբանանին նիւթապէս թէ քաղաքականապէս, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմակալել իր դէմ ցցուող նշեալ այլազան մարտահրաւէրները, որոնց շարքին գլխաւոր հարց է` սուրիացի գաղթականներու Լիբանան հոսքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )