Իտալիա – Հայաստան Մրցումին Տոմսերը Կը Սկսին Ծախուիլ 30 Սեպտեմբերէն Սկսեալ
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Իտալիա – Հայաստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսերը պիտի սկսին ծախուիլ 30 սեպտեմբերէն սկսեալ:
Նշենք, որ ասիկա պիտի ըլլայ զտումի վերջին մրցումը Հայաստանի կամ այլ կազմերու համար, թէեւ անոնցմէ ոմանք աւելի ուշ փլէյ-օֆի մրցումներ ունին կատարելիք:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նափոլիի մէջ գտնուող «Սան Փաուլօ» մարզադաշտին վրայ, կը յայտնէ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Մրցումին տոմսակներուն գիները կը տարուբերին 5-էն 50 եւրոյի միջեւ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

