ԱՐԹՈՒՐ ԵՏԻԿԱՐԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Արթուր Ետիկարեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Ետիկարեան նախանցեալ շաբաթ վերադառնալով Հայաստան պայմանագիր կնքեց Բանանց Երեւանի հետ: Ան այսպիսով մինչեւ 2011 տարուան աւարտը փոխ տրուեցաւ իր նոր կազմին, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքէջը:

Սկզբունքով Ետիկարեանի ստորագրութիւնը կը պատկանի Փիւնիկ Երեւանի, սակայն ան վերջին տարիներուն մաս կը կազմէր իրանեան Փաս ակումբին: Բայց եւ այնպէս նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ, ան վերադարձաւ Երեւան:

Այսպիսով, ան դարձաւ Բանանցին միացող առաջին նորեկ մարզիկը` 1 յունիսին սկսած մարզիկներու փոխանցումներէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES