Անդրադարձ. Գագաթնակէտին Հասած Յուսահատութեան Եւ Անել Կացութեան Ցուցանիշը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին 120 ապօրինի գաղթականներ Ինտոնեզիայէն Աւստրալիա փոխադրող նաւ մը ժայռի մը բախելէ ետք ընկղմեցաւ` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր: Դէպքը կը յիշեցնէ Ափրիկէի մէջ իրենց յուսահատ կացութենէն դէպի եւրոպական «լուսաշող ապագայ» փախուստ տուող ապօրինի գաղթականները, որոնք յաճախ Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Յունաստանի ծովափներուն մօտ նոյն ողբերգական ճակատագիրը կը դիմագրաւեն: 120 գաղթականներուն շարքին բազմաթիւ լիբանանցիներ եւ արկածին 60 զոհերէն 18-ը լիբանանցիներ ըլլալուն իրողութիւնը, այդ քաղաքացիները անելի մատնելով յուսահատ արարքի մը մղած Լիբանանի ընկերային-տնտեսական կացութեան վառ ցուցանիշն է: Ըստ երեւոյթին, քաղաքական եւ ապահովական անկայունութեան զուգահեռ, ամսական դրութեամբ մագլցում արձանագրող սղաճն ու անգործութեան բարձր համեմատութիւնը «Արեւելքի Զուիցերիան» սկսած են կամ արդէն իսկ վերածած են ափրիկեան երկրի մը:

Ստեղծուած կացութեան մէջ ամսականներու որեւէ յաւելում կամ գիշեր ու ցերեկ իրարու խառնելու հնարքէն գոյացած գումար շուտով կը փոշիանայ: Երբ ժամանակի եւ ֆիզիքական գետնի վրայ լուծումներու կարելիութեան բնական սահմանափակումները նաւաբեկուած քաղաքացիներուն ջուրին երեսը մնալու ջանքերը անիմաստ կը դարձնեն եւ աշխատատեղի ունեցողներն իսկ յուսահատութեան կը մատնեն, ալ ի՞նչ խօսք գործազուրկներուն մասին:

Այս առարկայական կացութեան լոյսին տակ,  դպրոցական կրթաթոշակներու յաւելումներուն նկատմամբ ծնողներու խոր դժգոհութիւնը հասկնալի է: Այդ յաւելումները տեղին կամ անտեղի կերպով «չնչին» կոչելը բնականաբար ծնողներուն բեռը եւ ծանր կացութիւնը չի թեթեւցներ: Աւելի՛ն, այդ «չնչին» գումարը կրնայ ուղտին մէջքը կոտրող վերջին շիւղը ըլլալ: Կացութիւնը այնքան լուրջ է, որ փակ ականջներու կը հանդիպին զոհողութեան մասին աւանդական քարոզները, որոնց ականջ տալը սկսած է ժամանակի մսխումի համազօր դառնալ:

Երանելի եւ արդէն իսկ հեքիաթի վերածուած անցեալի լաւ պայմաններուն մէջ ծնողք մը դպրոցին թէ՛ տէրն էր եւ թէ՛ ծառան: Այսօր կացութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկուած է, եւ մարդիկ արդէն սկսած են հարց տալ, թէ ո՞վ է տէրը եւ ո՞վ` ծառան: Ո՞վ որու ծառայելու համար ստեղծուած է, դպրոցը մարդո՞ւն, թէ՞ մարդը դպրոցին: Պատասխանելու համար Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը թերթատելու կարիք չկայ, պարզ տրամաբանութիւնը ինքնին բաւարար է:

Ստեղծուած կացութեան հրապարակային քննարկումներն ու միասնաբար լուծումներու մասին մտածելը այս առումով կրնան օգտակար ըլլալ: Ահա թէ ինչու, ՀՅԴ քարոզչական մարմինին կողմէ հինգշաբթի, 3 հոկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ «Լիբանանահայ դպրոցը եւ իր մարտահրաւէրները» կլոր սեղանին կազմակերպումը ողջունելի եւ օգտաշատ քայլ մըն է: Զեկուցաբերները վստահաբար դպրոցներուն դիմագրաւած դժուարութեանց կողքին նաեւ նկատի պիտի ունենան երկրին մէջ ստեղծուած անտանելիութեան հասնող կացութիւնն ու վերոնշեալ հարցադրումները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES