Շաբաթավերջի Ապահովական Ցնցումներուն Մթնոլորտին Մէջ. Նախագահ Սլէյման Եւ Պատկան Կողմեր Փութացին Ամրապնդել Պետութեան Գերիշխանութիւնը

Երկրի քաղաքական, ապահովական, ընկերային-տնտեսական հրատապ հարցերը շաբաթավերջին առանցքը կազմեցին պետական, քաղաքական թէ ժողովրդային շրջանակներու խորհրդակցութեանց:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ քաղաքական ղեկավարներ կ՛անդրադառնային կառավարութեան կազմութեան հարցին` «տաք-կրակ»-ի վրայ արծարծելով զայն, ընդառաջելով այս գծով նախագահ Սլէյմանի յայտարարութեան, ապահովական միջադէպեր, Ինտոնեզիոյ նաւուն ընկղմուելուն կողքին, եկան բոլորին ուշադրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելու, պատկան կողմերը մղելով արտակարգ քայլերու եւ շփումներու:

Այս ծիրին մէջ, շաբաթավերջին բռնկած Պաալպեքի զինեալ բախումները եւ անոնց յաջորդած Թրիփոլիի պայթումները առանցքը կազմեցին Պաապտայի մէջ գումարուած ապահովական ընդլայնուած նիստին` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ մասնակցութեամբ ուժային նախարարութիւններու ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն:

Բախումները, որոնք խլեցին հինգ զոհեր եւ ութ վիրաւորներ, հետզհետէ վերածուեցան զգուշաւոր հանդարտութեան: Նախքան ապահովական այդ նիստը, նախագահ Սլէյման գլուխ-գլխի խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ աւելի ուշ յայտնեց, թէ «բանակը լիազօրուած է բոլոր իրաւասութիւններով` սանձելու համար ապահովական խախտումներն ու տնօրինելու անհրաժեշտ միջոցառումները»:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել հանգստացուց քաղաքացիները, թէ բանակի 6-րդ զօրամասը անցարգելներ հաստատած է բախումներու թիրախ դարձած վայրերու մէջ` փոխարինելով Հըզպալլայի դիրքերը:

Նոյն ծիրին մէջ, Պաալպեքի քաղաքական թէ հոգեւոր պատասխանատուներ դատապարտեցին բախումները` պահանջելով քաղաքին մէջ լիբանանեան օրինական ուժերուն դիրքաւորումը:

Կիրակի երեկոյեան, Պաալպեքի քաղաքապետ Համատ Հասան նշեց, որ շրջանին մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ, բախումները զգալիօրէն նուազած են `շնորհիւ բանակին եւ պատկան կողմերուն հետ հաստատուած կապերուն:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ ցուցմունքները տուաւ` պատկան կողմերէն պահանջելով մօտէն հետեւիլ կացութեան եւ կանխարգիլել անոր բարդացումը:

Նշենք, որ ապահովական աննպաստ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին առողջական վիճակը պատճառ եղան, որ նախագահ Սլէյման յետաձգէ վաղը` երեքշաբթի նախատեսուած իր այցելութիւնը դէպի Սէուտական Արաբիա, որուն պիտի յաջորդէր դէպի Ծոցի երկիրներ շրջապտոյտը:

Այս գծով Պաալպեքի երեսփոխանները եւ պատասխանատու այլ անձնաւորութիւններ ու քաղաքապետներ ժողովներ գումարելով դատապարտեցին բախումները եւ հաղորդագրութեամբ մը պահանջեցին պետութեան գերիշխանութեան ամրապնդումը շջրանին մէջ: Իսկ միւֆթի Ռիֆայի նախագահեց Պաալպեքի զանազան անձնաւորութեանց արտակարգ նիստին` ընդգծելով, որ ժողովականները վճռած են գործակցիլ եւ առիթ չտալ համայնքային երկպառակութեան հրահրման:

Նմանապէս, Թրիփոլիի մէջ եւս հանդարտութիւնը հետզհետէ վերահաստատուեցաւ երէկ երեկոյեան, շաբաթավերջին բռնկած զինարձակումներէն ետք, որոնց ընթացքին Քպպէի մէջ հրկիզուեցաւ ճաշարան մը, ուր կը նախատեսուէր, որ շէյխ Հաշեմ Մընքարա ճաշէր:

Նոյնպէս երկու հոգի վիրաւորուած էին շաբաթ օր, երբ ռումբ մը պայթած էր Թրիփոլիի Միաթայն թաղամասին մէջ: Ինչպէս նաեւ փոխադարձ հրացանաձգութիւններ կատարուած էին Ժապալ Մըհսենի եւ Թըպպանէի միջեւ:

Համապատասխան կառոյցներու պատասխանատուներ փութացին հանդարտեցնելու կացութիւնը: Նախագահ Սլէյման ցուցմունքներ տուաւ` շուտափոյթ միջոցառումներու ձեռնարկելու եւ կասցնելու բախումները: Իսկ Թրիփոլիի Ազգային իսլամական հանդիպումը բողոքեց բախումներու վերսկսման դէմ` ընդգծելով, որ «բաժակը յորդած է»…

Դատապարտումներ Եւ Կեցուածքներ

Պաալպեքի, թէ Թրիփոլիի բախումները դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուցին պետական, քաղաքական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ ցաւ յայտնելով ինկած զոհերուն համար յայտնեց, որ Պաալպեքի բախումները բացայայտեցին այս շրջաններուն մէջ տիրող դաւանական լարուած մթնոլորտը: Ան պահանջեց բազմապատկել ճիգերը` կանխարգիլելու համար ապօրինի զէնքերու գերիշխանութիւնը:

Պաալպեքի պատասխանատու հեղինակութիւններ ժողով մը գումարելով «աննախընթաց» որակեցին պատահած բախումները` բանակէն պահանջելով ամբողջացնել իր ձեռնարկած ապահովութեան ծրագիրը:

Պեքաայի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ կոչ ուղղեցին զգուշանալու (Պաալպեքի) ներքին անդորրութիւնը խախտել փորձող սադրանքներու վտանգէն: Անոնք յայտնեցին, որ պատահած բախումները կը միտին դիմադրութիւնը շրջափակել իր իսկ տան մէջ:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել նշեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու պահեստի տարրեր գործի պիտի լծէ` դիրքաւորուելու համար Պաալպէքի մէջ: Շարպել հերքեց Ժապհաթ Նուսրայի տարրերու ներկայութիւնը Պաալպեքի մէջ:

Ամալ շարժումը ապահովական ուժերէն պահանջեց երկաթեայ թաթով հարուածել յանցագործները` պաշտպանելու համար քաղաքացիներն ու պահպանելու անոնց ինչքերն ու շահերը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ըսաւ. «Ոչ ոք կ՛ուզէ սեփական ապահովութիւն հաստատել իր շրջանին մէջ, եւ երբ մարդիկ զգան պետութեան կառոյցներու կազմ ու պատրաստ ըլլալը այս գծով ինքնակամ կերպով կը քաշուին` ողջունելով պետական ապահովական կառոյցները»:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր նախաձեռնութեան մէջ առաջադրած էր հինգ հազար ապահովական տարրերու յաւելումը` հսկելու համար երկրի ապահովութեան:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ցաւակցութիւն յայտնեց նաւամոյն լիբանանցի զոհերուն համար: Միւս կողմէ, ան ողջունեց բանակային ապահովութեան տարրերու դիրքաւորումը Պաալպեքի մէջ, ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար եւ ընդգծեց, որ բանակը կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխիք է լիբանանցիներուն համար:

Սայտայի Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ դատապարտեց Պաալպեքի, Թրիփոլիի ու նախապէս Պէյրութի բախումները` նշելով, որ այս բոլորը կը միտին «աղաւաղել Դիմադրութեան դիմագիծը ու զայն մխրճել դաւանական ծուղակին մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )