Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռասինկ Եւ Ահա Ահլի Ալէյ Արձանագրեցին Իրենց Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Անսար – Սալամ մրցումէն
Լուսանկարը տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ռասինկ եւ Ախա Ահլի Ալէյ հանդիսացան այն միակ երկու խումբերը, որոնք արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Ահտը (2-1) եւ Մապարրան (3-0):

Թրիփոլի 2-1 արդիւնքով յաղթեց Իժթիմահիի, մինչ մնացեալ մրցումները աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` հետեւեալ ձեւով. Նըժմէ – Թատամոն Սուր` 1-1, Անսար – Սալամ` 2-2 եւ Շապապ Սահել – Սաֆա` 0-0:

 

Share this Article
CATEGORIES