Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր պատրաստած աշխատանքային նոր ծրագիրը պիտի արժանանայ ամէնուն հաւանութեան: Օրուան ընթացքին կրնաք ունենալ շնորհաւորական այցելուներ: Գոհունակութեամբ պիտի անցնի օրը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մոռնաք այն ժամադրութիւնը, որ կարեւոր է ձեր ապագայի գործունէութեան համար: Ձեզմէ պահանջուած փաստաթուղթերը կանոնաւոր կերպով պատրաստեցէք, որպէսզի դիւրանայ համաձայնութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկմտութիւնը կը շփոթեցնէ, հետեւաբար հաստատ որոշում մը տուէք: Ձեր «այո»-ն կամ «ոչ»-ը յստակ պէտք է ըլլայ: Մի՛ վարանիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուրախացէք եւ գոհունակութիւն արտայայտեցէք ձեր յաջողութիւններուն համար: Անսպասելի նկատուած փափաքներ պիտի իրականանան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հեռու մնացէք ծանրաբեռնուած աշխատանքներէ: Բաւ համարեցէք օրուան համար ձեր ստանձնած գործերը, որպէսզի վաղը կարենաք աշխուժ ըլլալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բծախնդիր էք աշխատանքի մարզին մէջ: Այսօր քիչ մը թեթեւցուցէք ձեր գործերուն ընթացքը` մէկ կողմ ձգելով խոշորացոյցով դիտելը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ անյաջող որոշում մը տուած էք, անդրադարձէք անոր եւ ճշդեցէք: Սխալին անդրադառնալը խոնարհութիւն է, բայց զայն չընդունիլը` թերութիւն: Անդրադարձէք այս ճշմարտութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բախտը չի սիրեր զինք հետապնդողները, ան կու գայ իր ուզած ժամանակին: Կատարեցէք ձեզի վստահուած պարտականութիւնները, գոհունակութիւնը լաւագոյն մխիթարութիւնն է հանգիստ ապրելու համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր բախտը փորձեցէք վիճակահանութեան տոմսով մը: Եթէ նոյնիսկ շահիք ուշադիր եղէք քսակահատներէ, որոնք կրնան անակնկալի բերել ձեզ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մոռնաք ձեր խոստումը, զոր կատարած էք անձի մը նիւթական հարցի մը շուրջ: Ճշդապահ ըլլալը առաքինութիւն է եւ պարտաւորիչ: Մնացէք նոյնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պտոյտ մը պիտի կատարէք բնութեան մէջ, ուր պիտի նկատէք նոր երեւոյթներ` բնութեան գեղեցկութիւնը արժեւորելու եւ վայելելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր մոռացումը արդարացնելու համար կեղծ կամ սուտ խօսքեր մի արտայայտէք ոչ ոքի: Ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ երեւան կու գայ:

