Նշելով, Որ Լիբանանցի Թէ Օտար Զեղծարարներ Ձերբակալած Է Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Զգուշացնէ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց Լիբանանի քաղաքացիներն ու բնակիչները` զեղծարարներու հնարամտութեանց եւ խարդախութեանց զոհ դառնալէ:

Հաղորդագրութիւնը պահանջեց ապօրինի ձեւով պաշտօնական փաստաթուղթեր ձեռք ձգելէ հրաժարիլ, որովհետեւ նման արարքներ դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին եւ կը ձերբակալուին առնչակից անձերը:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ այս գծով վերջին օրերուն ձերբակալուած են տասնեակ մը լիբանանցի թէ օտար յանցագործներ:

Share this Article
CATEGORIES