ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն ընկերակցեցաւ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդը` Մոհամետ Ռայիսզատէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան