Ռէալ Մատրիտի Համակիրները Կը Պահանջեն Մուրինիոյի Վերադարձը

Ռէալ Մատրիտի համակիրները դժգոհ մնացած են նախորդ շաբաթավերջին, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումէն, կը յայտնէ սպանական մամուլը:

Արքայական ակումբը այդ մրցումին զիջած է 1-0 արդիւնքով` միաժամանակ նաեւ չտպաւորելով խաղի որակով: Ռէալի համակիրներէն շատերը, վստահ են, որ ատոր գլխաւոր մեղաւորը խումբի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին է: Անոնք մրցումէն ետք Մատրիտի փողոցներուն մէջ սկսած են կանչել նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին անունը` պահանջելով անոր վերադարձը:

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛եզրափակէ, որ փորթուգալցին նախորդ տարեշրջանին քննադատութեան ենթարկուած էր նոյն այդ համակիրներուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )