Արժանթինի Ֆութպոլի Խումբին Մէջ. Իքարտի Փոխարինեց Վիրաւոր Մեսսին

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Ալեխանտրօ Սապելլա, որ հրապարակեց իր կազմը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի վերջին երկու մրցումներուն գծով, իր խումբին մէջ նկատի առաւ Ինթեր Միլանի երիտասարդ յառաջապահ Մաուրօ Իքարտին, որ պիտի ըլլայ վիրաւոր Լիոնել Մեսսին փոխարինողը:

20 տարեկան Իքարտի, որ մաս կը կազմէ Արժանթինի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբին, 2011-ին Սամտորիայէն փոխանցուեցաւ Ինթեր Միլան:

Արժանթին, որ այժմ կը գրաւէ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին պարագլուխի դիրքը եւ արդէն իսկ ապահոված է Պրազիլի իր տոմսը, 11 հոկտեմբերին Պուէնոս Այրեսի մէջ պիտի հիւրընկալէ Փերուն, իսկ այս մրցումէն չորս օր ետք, Մոնթեվիտէոյի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ուրուկուէյի:

Share this Article
CATEGORIES