Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սեն Ժոզեֆ – Լիբանանեան Բանակ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Սեն Ժոզեֆ պիտի հիւրընկալէ լիբանանեան բանակը: Առաջինը 28 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ երկրորդը 34 կէտով` 2-րդ դիրքը:
Երկու կազմերն ալ պիտի փորձեն յաղթանակ արձանագրել, որպէսզի տիտղոսին համար իրենց պայքարը կարենան շարունակել:
Լիբանանեան բանակը կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ միայն ետ է Սատաքայէն (առաջին), մինչ Սեն Ժոզեֆ, որ 5 կէտով ետ է Պէյրութի դրամատունէն (3-րդ), պարտութեան մը պարագային աւելիով պիտի հեռանայ վերոնշեալ երեքէն:
Ստորեւ կու տանք 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռապիհ – Ղըպէյրի 19:00 Էմիլ Լահուտ
Սեն Ժոզեֆ – Լիբանանեան բանակ 19:00 Սեն Ժոզեֆ
Հալուսիէ – Թրիփոլի Ֆիհաա 19:00 Նեպիհ Պըրրի
«Էյ. Եու. Սի. Ի.» – Սատաքա 21:00 Սեն Ժոզեֆ
ՎԱՂԸ
Հարեթ Հըրէյք – Պէյրութի դրամատուն 19:00 Էմիլ Լահուտ

