«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Յաղթեց Սելթիքի. Չելսի` Մեծագոյն Յաղթականը
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով երէկ գիշեր տեղի ունեցան ութ ճակատումներ:
Սելթիք, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Օգտուելով մարզիկի մը առաւելութենէն` Պարսելոնա 76-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Սեսք Ֆապրեկասի նշանակած կոլին (76-րդ):
Սելթիքի մարզիկներէն Սքոթ Պրաուն 59-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ֆապրեկասի նշանակած կոլը եղաւ հանդիպումին միակը, եւ Պարսա նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Չելսի եղաւ մեծագոյն յաղթականը` 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Շթուէա Պուքրէշի դաշտէն:
Պորուսիա Տորթմունտ անխնայ եղաւ Մարսէյի նկատմամբ` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Արսենալ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, բոլոր հիւրընկալ կազմերն ալ պիտի փորձեն իրենց ամէն կարելին ընել` առաւելագոյն 3 կէտը խլելու համար իրենց մրցակիցներէն:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Մանչեսթըր Սիթի – Պայէրն Միւնիխ հանդիպումը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ վերջերս որոշակի նահանջի մէջ է, հիւրը պիտի ըլլայ Շախտիոր Տոնեցքի, մինչ Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Կալաթասարայը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ե. ԽՄԲԱԿ
Պալ – Շալքէ 0-1
Շթէուա Պուքրեշ – Չելսի 0-4
Զ. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Նափոլի 2-0
Պորուսիա Տորթմունտ – Մարսէյ 3-0
Է. ԽՄԲԱԿ
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ – Աւստրիա Վիեննա 0-0
Փորթօ – Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-2
Ը. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Ա. Սէ. Միլան 1-1
Սելթիք – Պարսելոնա 0-1
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Պայէր Լեւերքուզըն – Ռէալ Սոսիետատ 21:45
Շախտիոր Տոնեցք – Մանչեսթըր Եունայթըտ 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Եուվենթուս – Կալաթասարայ 21:45
Ռէալ Մատրիտ – Քոփենհակըն 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Անտըրլեխթ – Օլիմփիաքոս 21:45
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պենֆիքա 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մոսկուայի Բանակայիններ – Վիքթորիա Փլզեն 19:00
Մանչեսթըր Սիթի – Պայէրն Միւնիխ 21:45