ՀՄԸՄ Պաուշրիէ – Ֆանար. Վեթերաններու Մինի-Ֆութպոլի Մրցում` Ֆանարի Դաշտին Վրայ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պաուշրիէ – Ֆանար մասնաճիւղին, կիրակի, 29 սեպտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին Ֆանարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մինի-ֆութպոլի մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի ՀՄԸՄ-ական վեթերան նախկին ֆութպոլիստներ:
Այս մրցումին հիմնական նպատակն էր շրջանին մէջ ստեղծել խանդավառութիւն, որուն ընդմէջէն բնականաբար նաեւ մարզական կեանքի վերաշխուժացում:
Մարզական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած եւ յաղթողի կամ պարտուողի մտայնութենէն զուրկ մրցումին աւարտին, վարչութիւնը յաղթական խումբին յանձնեց այս առիթով պատրաստուած յատուկ բաժակ մը:
CATEGORIES Մարզական

