Վերջին Օծում Եւ Թաղում Հոգելոյս Շահան Արք. Սվաճեանի

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասի երիցագոյն անդամ եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Շահան արք. Սվաճեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 1 հոկտեմբեր 2013-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ` Արամ արք. Աթեշեանի եւ մասնակցութեամբ պատրիարքական աթոռի հոգեւորականաց ամբողջ դասին, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու անդամներուն:

Արարողութեանց իրենց ներկայութիւնը բերին Ուքրանիոյ առաջնորդ Գրիգորիս արք. Բունիաթեան, որ կը ներկայացնէր Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Պուլկարիոյ առաջնորդ Աբգար վրդ. Յովակիմեան, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասի անդամներէն` Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբան Վազգէն Ծ. վրդ. Քարայեան:

Ս. պատարագը մատուցեց Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի սան Գարեգին արք. Պեքճեան:

Յընթացս Ս. պատարագին հանգուցեալ սրբազան հօր դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ վերջին օծման կարգը, ձեռամբ` Արամ արքեպիսկոպոսի, որ դամբանախօսեց «Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր» (Յովհ. ԺԶ.28) բնաբանով:

Դամբանախօսութենէն ետք Գրիգորիս արք. Բունիաթեան կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցական նամակը: Կարդացուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Երուսաղէմի հայոց Նուրհան պատրիարք հօր ցաւակցականները:

Վերջին օծման կարգէն ետք, Ս. պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս սրբազանին օծեալ ճակատն ու աջը: Ապա դագաղը բերուեցաւ ատեան, ուր Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներ, կեռոն ի ձեռին իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցէին վարժարանի երբեմնի տեսուչին:

Յաւարտ Ս. պատարագի ելքի թափօրին նախագահեց Սահակ եպս. Մաշալեան: Վախճանեալ սրբազան հօր դագաղը կ՛ընթանար յամրաքայլ, շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցումով, սաղմոսներով եւ աղօթքներով:

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ. թաղման կարգին նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը: Հայ եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Թաղման կարգէն ետք, եկեղեցւոյ «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ բացուեցաւ հոգեճաշի սեղան եւ կատարուեցաւ հանգստեան աղօթք: Իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Շահան սրբազանի աշակերտներէն Գարեգին արք. Պեքճեան, որ շեշտեց երախտագիտական զգացումի կարեւորութիւնը: Երախտիքով յիշեց Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր Գարեգին Ա. պատրիարք Խաչատուրեանը եւ նորոգ հանգուցեալ Շահան սրբազան հայրը, որուն տեսչութեան շրջանին աշակերտած էր իրեն եւ վայելած իր հայրագորով հոգածութիւնը: Երանութեամբ յիշեց իր աշակերտութեան օրերը, երբ առիթը ունեցած էր վարժարանի սաներուն հետ լսելու Շահան սրբազան հօր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները: Արտայայտուեցաւ նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի երբեմնի խնամակալներէն եւ ուսուցիչներէն Արտաշէս սրկ. Նշանեան: Վախճանեալ սրբազան հօր ձեռնասուններէն` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երէց Կորիւն քհնյ. Ֆեներճեան իր սրտի խօսքին մէջ յիշեց իր մանկութեան օրերը, երբ տակաւին տասը տարեկան պատանի, ինք եւ ընկերները սրբազան հօր ետեւէն կը վազէին աջը առնելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու համար: Անդրադարձաւ, թէ սրբազան հօր օրհնութիւնը իրենց համար մեծ արժէք կը ներկայացնէր, իսկ իր հայրական թելադրանքները` խրախուսիչ էին: Յիշեց, թէ խորապէս կը տպաւորուէին իր սահուն հայերէն արտայայտութենէն: Հոգեճաշի սեղանը աւարտեցաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով:

 

Share this Article
CATEGORIES