Համահայկական Մարզախաղերու Համաշխարհային Կոմիտէութեան Անդամական Ընդհանուր Ժողով

Համահայկական մարզախաղերու համաշխարհային կոմիտէութեան Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 23 սեպտեմբեր 2013-ին, Ստեփանակերտի մէջ: Ժողովին ներկայ գտնուեցան կոմիտէութեան նախագահ Իշխան Զաքարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եւ կոմիտէութեան փոխնախագահ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, կոմիտէութեան փոխնախագահ Ալպեր Պոյաճեան եւ մնացեալ անդամները` երեք բանաւոր բացակայութեամբ:

Անդամական ընդհանուր ժողովի առաջնահերթ օրակարգերէն մէկն էր Գործադիր կոմիտէութեան ընտրութիւնը: Անփոփոխ պահուեցան կոմիտէութեան նախագահը, երկու փոխնախագահները եւ գլխաւոր քարտուղարը: ՀՄԸՄ-ի կողմէ Հրաչ Սիսեռեանի փոխարէն Գործադիր կոմիտէութեան անդամ ընտրուեցաւ Եւրոպայէն Արամ Սիսեռեան: Ընտրուեցան նաեւ Արթուր Մոսիեան, Վարդան Բալայեան եւ Տիգրան Ալթուն: Գործադիր կոմիտէի անդամներ Յակոբ Կիրմիզեան եւ Ղազարոս Ունան ընտրուեցան կոմիտէութեան պատուոյ անդամ: Կազմի մնացեալ անդամները մնացին անփոփոխ:

Համահայկական մարզախաղերու կոմիտէութիւնը քննարկեց նաեւ Ձմեռնային մարզախաղերու պարագան: Մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան 26 փետրուարէն 4 մարտ 2014-ին` Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Արդէն իսկ 10 երկիրներէ 154 մարզիկներ արձանագրուած են մասնակցելու նշեալ մարզախաղերուն: Որոշուեցաւ յաջորդ Ձմեռնային մարզախաղերը կազմակերպել 2017 թուականին` հերթական դրութիւն ստեղծելու համար Ամառնային մարզախաղերուն առընթեր:

 

Share this Article
CATEGORIES