Ազեզի Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներու Հարցով. Ահմետ Պաալպեքի Խոստացաւ Շարունակել Առեւանգեալներու Ազատ Արձակման Ճիգերը

Երկրի ղեկավարներուն եւ պատկան կողմերուն տուած իրենց այցելութեանց ծիրին մէջ, Ազէզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալներու հարազատներէն պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական Ահմետ Պաալպեքիի հետ: Պաալպեքի այս առիթով խոստացաւ շարունակել ճիգերը` Ազեզի առեւանգեալներու եւ թուրք օդաչուներու առեւանգման հարցով արգելափակուածներու ազատ արձակման գծով:

Նոյն գծով իմացուեցաւ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մօտ օրէն պիտի ընդունի նշեալ պատուիրակութիւնը` լուսարձակներէ հեռու: Խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան երկու թուրք օդաչուներու ազատ արձակման եւ այս հարցով տասը քաղաքացիներու դէմ արձակուած բերման գիրերը յետս կոչելու կարելիութեան վրայ: Իրազեկ աղբիւրներ հաւաստեցին, որ այս գծով կարելի չէ դրական յառաջդիմութիւն արձանագրել, եթէ թուրք երկու օդաչուները ազատ չարձակուին:

Այս գծով պատուիրակութեան անդամ Հայաթ Աուալէ շեշտեց, որ պատուիրակութիւնը պիտի սաստկացնէ իր միջոցառումները, եթէ արգելափակեալները ազատ չարձակուին: Ան նշեց, որ խոստում ստացած են, թէ թուրք օդաչուներու առեւանգման գծով արգելափակեալները ազատ պիտի արձակուին նախքան 10 նոյեմբերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )