ՀՅԴ-ն Փոփոխութիւն Կ՛առաջարկէ «Դատախազութեան Մասին» Օրէնքին Մէջ
«Դատախազութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի 5-րդ յօդուածին երկրորդ մասով սահմանուած է, որ ընդհանուր դատախազը իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի Ազգային ժողով կը ներկայացնէ հաղորդում մը` դատախազութեան նախորդ տարուան գործունէութեան մասին եւ Ազգային ժողովին հաղորդումը կը ներկայացուի Ազգային ժողովի կանոնակարգով սահմանուած կարգով:
Սակայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքով սահմանուած չէ նշուած հաղորդումը Ազգային ժողով ներկայացնելու եւ քննարկելու կարգը, որուն վերաբերեալ ընդհանուր դատախազը համապատասխան հաղորդումը Ազգային ժողով չի ներկայացներ: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը կատարած է նախաձեռնութիւն մը` կանոնակարգելու եւ լուծելու նշուած խնդիրը:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը կ՛առաջարկէ, որ ընդհանուր դատախազը «Դատախազութեան մասին» Հայաստանի օրէնքով սահմանուած հաղորդումը Ազգային ժողով ներկայացնէ հաշուետու տարուան աւարտէն ոչ ուշ, քան երեք ամսուան ընթացքին եւ Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուի մինչեւ տուեալ հերթական նստաշրջանի աւարտը:
Ընդհանուր դատախազի հաղորդումը Ազգային ժողովին մէջ պէտք է քննարկուի սահմանուած կարգով եւ աւարտի եզրափակիչ ելոյթներով` առանց որեւէ փաստաթուղթ ընդունելու:
ՀՅԴ խմբակցութեան կ՛առաջարկէ նաեւ, որ քննարկման ընթացքին հիմնական զեկուցում մը տայ ընդհանուր դատախազը` մինչեւ 40 վայրկեան տեւողութեամբ, իսկ յարակից զեկուցումով պետական-իրաւական մարզի մնայուն յանձնախումբի ներկայացուցիչը` 20 վայրկեան տեւողութեամբ: Օրէնքի նախագիծը արդէն շրջանառութեան մէջ է:

