Ազնիւ Կիրակոսեան-Մուրատեանի Անմար Յիշատակին. Սիրելի Ազնիւ Մօրաքոյր, Հողը Թեթեւ Գայ Վրադ
ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Շուրջ երկու ամիսներ առաջ Փարիզէն Պէյրութ ժամանումդ ուրախութեան կարօտախառն զգացումներ ստեղծեց բոլորիս, յատկապէս հարազատներուդ մօտ, որոշ չափով թեթեւցնելով եղբօրս` Ասատուր Փանոյեանի մահուան առաջին տարելիցին սուգի տրամադրութիւնները: Բոլորս ոգեւորուած էինք մեր գերդաստանի երիցագոյն հարազատին ներկայութեամբ: Զուարթ ու խանդավառ` կը փորձէիր ուրախ տրամադրութիւն ստեղծել շուրջդ: Նոյնիսկ եղբօրս տարելիցի հոգեճաշի սեղանին վրայ, եղբօրս հետ քու յիշատակներէդ հաճելի միջադէպեր կը վերյիշէիր` փորձելով ուրախացնել մեզ, առանց գիտնալու, որ մօտ ատենէն քե՛զ ալ պիտի ողբայինք:
Լիբանանեան պատերազմին բերումով, շատերուն նման, դուք ալ ընտանեօք որոշեցիք հեռանալ` աւելի ապահով երդիքի մը փնտռտուքով: Քեզի համար Լիբանանի պատերազմը նորութիւն չէր, անիկա սկսած էր 1958-ի օրերէն, ուրկէ տխուր դէպքեր տակաւին կը յուզէին քեզ, ամէն անգամ որ պատերազմի նիւթը բացուէր: Կը յիշեմ, օրինակ, լալու աստիճան կը յուզուէիր` յիշելով այդ օրերու «հերոս»-ներէն ողբացեալ Շամին, որուն հետ նոյն յարկի դրացիներ էիք Էշրեֆիէի «Ճերմակ տուներ»-ուն մէջ:
Միութենական չէիր, բայց մօտէն կը հետեւէիր ազգային հարցերուն: Ընտանեկան զրոյցներու ընթացքին, երբ կուսակցական հարց ծագէր, դաշնակցականամէտ կը ներկայացնէիր ինքզինքդ, «այս տղաքն են, որ մեր ճակատը բարձր պահեցին» ըսելով: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս ամէն տարուան ապրիլ 24-ի օրը կամ տօնական օրերու յաջորդող մեռելոցի օրը անպայման գերեզմանատուն կ՛երթայիր` մոմ մը վառելու հարազատներուդ յիշատակին: Մէջդ խոր ողբ մը կար մօրդ (Ովսաննա Գոճեան-Կիրակոսեան) վաղաժամ մահուան համար: «Իմ մա՜յրս, Գոճենց մուխթար (թաղապետ) Մանուկ Գոճեանին աղջիկն էր. «Գոճենց եայլաները» (ճաշարանները, հողերը) եթէ ըսէիր, ամէն մարդ կը ճանչնար զիրենք Կարմուճի մէջ», կ՛ըսէիր ձեռքդ բարձրացնելով, անմրցելի հպարտութեամբ: Ոչ ոք կրնար լռեցնել քեզ, երբ սկսէիր վերյիշել ու պատմել մօրդ կրած տառապանքներուն մասին, թէ ինչպէ՜ս ան 1915-ի Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն արցունքոտ աչքերով տեսած էր իր մօրը եւ մեծ քոյրերուն ձեռք-ձեռքի բռնած գետ նետուիլը` թուրքին ձեռքը չիյնալու համար… Միայն ամուսինդ` «Լեւոն ամմոն» կը համարձակէր ընդմիջել քեզ` կատակելով, թէ` «եթէ քու մեծ հայրդ «մուխթար» էր, իմ ալ հարազատս նշանաւոր երգիչ է (ակնարկելով արուեստագէտ-երգիչ Լեւոն Գաթրճեանին) ցոյց տուր նայիմ ձեր գերդաստանին մէջ այսպէս մաքուր, հայկական քաղցր ձայնով մէկը կա՞յ»… Եւ «պատերազմը կը փրթէր» ձեր միջեւ ու բոլորս կը խնդայինք…
Աղջիկ զաւակ չունէիր ու այդ պատճառով քոյրս` Անին յաճախ ձեր տուն կը տանէիր եւ տղուդ` Սամիկին հետ հարազատ զաւկիդ նման կը սիրէիր զինք: Աղջիկ զաւակի կարօտէդ ես ալ կ՛օգտուէի երբեմն, երբ զիս ալ կը տանէիր ձեր մօտ. «Սիլվա, քիչ մը սա տղուն դասերուն նայէ, լա՜ւ մը մաքրեցէք, ինչ դաս որ ունիք» ըսելով: Իսկ մենք` ես ու Սամիկը, տարեկից ու տարբեր դպրոցներու մէջ նոյն դասարանը ըլլալով, փոխանակ Սամիկին դասերը սորվեցնելու կամ մաքրելու` «կը մաքրէինք» ու կը «լափէինք» քու շինած խմորեղէնի համեղ քաղցրեղէններդ (քուքիներդ)` նոյնիսկ «համտեսելով» մեզի հրամցուցածներէդ զատ հիւրերու համար մէկ կողմ դրուածները: Ու խե՜ղճ Լեւոն «ամմոն» պահակի պէս պատուհանէն կը հետեւէր անցորդներուն ու տեսնելով շուկայէն վերադարձդ, կը զգուշացնէր մեզ` «շուտ-շուտ դաս ըրէք «մրթէն» կու գայ կոր» ըսելով: Լեւոն քեռայրս կամ «Լեւոն ամմոն», ինչպէս վարժ էինք ըսել, ծագումով Խարբերդէն` Մակեդոնիա ապաստանած հայ որբերէն էր: Այդ պատճառով տան մէջ իր ժամագործի սեղանին կից ձայնասփիւռէն յաճախ յունարէն երգեր մտիկ կ՛ընէր: Խոր կարօտով կը յիշէր Մակեդոնիան, Քորֆու կղզին ու հակառակ երկար ատեն Լիբանան գտնուելուն` տակաւին չէր հաշտուած արաբական աշխարհի ապրելակերպին ու սովորութիւններուն հետ: «Այս մարդիկը դեռ քանի՜ տարի կ՛ուզեն… դառնալու համար» կ՛ըսէր: Արաբերէն բառերը դժուար կը հնչէր, օրինակ «կին» բառին տեղ «մրթէ» կ՛ըսէր ու այդպէս ալ երբեմն կատակելով կը կանչէր քեզ. «մրթէ՜, մրթէ, խո՜ւլ, ուր ես»: Ինք ալ Եղեռնի օրերէն շատ բան լսած ու տեսած էր, դժբախտաբար սակայն կցկտուր նախադասութիւններ կը յիշեմ արհաւիրքի այդ օրերու մասին իր պատմածներէն: Իսկ դուն, սիրելի Ազնիւ «մօքքուր», ամէն առիթի կը յիշէիր մօրդ կեանքը. «Դժբախտ էր մայրս, հարազատ զաւկին կարօտէն «գնաց» կ՛ըսէիր` ակնարկելով Հայաստանի Գէորգ եղբօրդ, որ 1946-ի ներգաղթի օրերուն, բազմաթիւ հայորդիներու հետ, ինք ալ կնոջը հետ, 40 օրուան նորապսակ ամոլ, մեկնած էին հայրենիք` վառ ու վարդագոյն յոյսերով: Սակայն հազիւ հոն հասած` որպէս դաշնակցական-ՀՄԸՄ-ական` Գէորգ քեռիս ալ շատերու նման «աքսորուած» էր Սիպերիա` անգամ մըն ալ չկարենալով տեսնել իր ծնողքը…
Մեր վերջին հանդիպումին խոստացեր էիր թոյլատրել, որ «ամբողջական ձեւով» արձանագրեմ Հայոց ցեղասպանութեան օրերէն մօրդ մասին լսածներդ ու յիշածներդ: Սակայն անակնկալ «մեկնումիդ» գուժը ցնցեց բոլորս` օդը ցնդեցնելով նաեւ նշեալ խոստումդ: Բոլորս շշմած էինք, թէ ինչպէս թոռնիկիդ զաւակը Լիբանանի մէջ կնքելու համար եւ հարազատներդ տեսնելու յոյսով եկած էիր, առանց գիտնալու, թէ անողոք մահը պիտի ընդհատէր այդ փափաքդ: Կեանքիդ մէջ հիւանդանոց չէիր մտած ու օդի փոփոխութեան հետեւանք կարծելով` սովորական թուացող գլխու ցաւիդ համար հիւանդանոց փոխադրուիլդ դարձաւ վերջնական մեկնում: Վաղաժամ բաժանումդ տխրեցուց շատերը հոս` Լիբանանի մէջ թէ գաղթաշխարհի հեռաւոր ափերը գտնուող հարազատներուդ եւ բարեկամներուդ շրջանակներուն մէջ: Վստահ եմ, որ քեզ կը յիշեն ու կը տխրին նաեւ Լիբանանի «Ճերմակ տուներ»-ու երբեմնի դրացիներդ ու բարեկամներդ, մանաւանդ որ շրջանին մէջ ծանօթ էիր որպէս վարպետ դերձակուհի եւ համեղ քաղցրեղէն պատրաստող:
Դերձակութեան այդ հմտութիւնդ օգտագործեցիր նաեւ հետագային` գործակցելով Փարիզի հագուստեղէնի հանրածանօթ վաճառատուներու հետ: Այս բոլորին մէջ ժամանակ կը գտնէիր նաեւ թոռնիկներուդ` Հուրիկին եւ Յարութին, անոնց հայերէն գրել կարդալ սորվեցնելու` տրուած ըլլալով, որ Փարիզի ձեր տան մօտ հայկական վարժարան չկար: Նոյնիսկ յաճախորդներ ալ ունէիր, մանաւանդ` որպէս դերձակուհի: Տակաւին կը յիշեմ խրատներդ, երբ կ՛ըսէիր. «Աղջիկս, որքան ալ ուսումդ շարունակես, ձեռքդ անպայման արհեստ մը ունեցիր, չես գիտեր` օրը ինչ կը բերէ»: Սիրելի մօրքուր, հետեւեցայ խրատիդ ու դերձակութեան վկայական ալ առի, բայց երբեք ժամանակ չունեցայ հագուստ կարելու…
Այսօր մեզմէ անվերադարձ հեռացած ես, բայց շէնշող նկարագիրդ ու զուարճալի յիշատակներդ յիշելով` մենք մեզ կը մխիթարենք ու կ՛ըսենք. «Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Ազնիւ մօրքուր»:

